Դէպի հարազատ տուն, իմ սիրելի՛ Ճեմարան:

Վերամուտի առաջին օրը միշտ յատուկ տեղ գրաւած է սրտիս մէջ, անհամբեր սպասած եմ այդ պահը՝ կրկին միանալու իմ սիրելի վարժարանի գործակիցներուս եւ մանաւանդ աշակերտներուս: Անոնց աշխուժութիւնը, դրական մօտեցումը, նոյնիսկ երբեմն չարաճճիութիւնը նոր աւիշ կը հաղորդեն կեանքիս:
Աշնան մանուկներուն պէս կ’ուրախանամ՝ տեսնելով գրախանութներու ցուցափեղկերուն ետին գրենական, գունազարդ նոր պիտոյքներ, որոնք վերամուտը կ’աւետեն:
25 տարուան ընթացքին դպրոցը դարձաւ ԱՌԱՋԻՆ տունս՝ իր բոլոր առաւելութիւններով ու տագնապներով:
Շատ բան փոխուած է ուսուցչական ասպարէզին մէջ, բայց ամենահաճելին այն է, որ աշակերտներէս շատեր հիմա եղած են գործընկերներս:
Վերջերս յաճախ «ինչպէ՞ս է դպրոցը» հարցումը կ’ուղղուի մեզի՝ ուսուցչուհիներուս,  մեկնած ներկայ պայմաններէն: Պատասխանս միշտ կ’ըլլայ հետեւեալը. «Երանի ամէն բան դպրոցին պէս ըլլայ»: Կեդրոն մը, ուր կարգն ու կանոնը, ժամադրութիւնն ու հանգամանքը կը յարգուին եւ ամէն անկիւն հայկականութիւն կը բուրէ, չի կրնար լաւ չըլլալ:
Սիրելի՛ աշակերտներս,
Ճեմարանը ձեր հարազատ տունն է, ուր հասակ կ’առնէք եւ կը դրոշմուիք հայեցի շունչով ու հարուստ գիտելիքներով՝  դառնալու հայրենասէր, ազգասէր երիտասարդներ, օգտակար ըլլալու ձեր շրջապատին:
Ժամանակ մի՛ վատնէք անիմաստ խաղերով, օգտագործեցէ՛ք ձեր սուղ ժամերը գիտելիք ամբարելով: Եղէ՛ք աշխատասէր եւ կարգապահ:
Գիտեմ, որ կենցաղային շատ տուեալներ կը պակսին ձեզի, բաղդատմամբ այլ երկիրներ գաղթած ձեր ընկերներուն, բայց քաջ գիտցէ՛ք, որ հոս գէթ ձուլումի հոսանքէն չենք ազդուած եւ միշտ կը վերանորոգենք հայ մնալու մեր ուխտը:
Վերջապէս աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած, որ կանգուն պահէ մեր լոյսի ամրոցը, մեր փոքրիկ Հայաստանը (Հալէպի մէջ )՝ մեր սիրելի Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը:
Թելլօ Փափազեան