Վերամուտ է։
Երկրին մէջ կրթական նոր տարեշրջանի առաջին զանգին հետ Հայ դպրոցն ալ բացած է իր դռները՝ Հալէպ, Գամիշլի, Դամասկոս, Լաթաքիա, Քեսապ եւ այլուր։
Վերամուտը դպրոցական տարեշրջանին Նոր Տարին է. թարմութեան նոր շունչ, նոր ակնկալիքներ կը բերէ. աշակերտ եւ ուսուցիչ դպրոց կը վերադառնան բարձր տրամադրութեամբ։ Այսպիսին է նաեւ 2023-2024-ի վերամուտը։
Բայց դիւրին եւ գեղեցիկ չեն օրերը. Բազմազան են դժուարութիւնները, ջլատիչ են առօրեայ հոգերն ու կենցաղային մտահոգութիւնները. ապրուստ եւ ընդունելի կենսամակարդակ ապահովելը մտատանջող համատարած երեւոյթ է, իսկ վաղուան օրը՝ անորոշ։
Նոր չէ սակայն այս իրավիճակը։
Անցնող տասնամեակին հայ դպրոցը դիմագրաւեց տարբեր մարտահրաւէրներ (յատկապէս կարգ մը անապահով շրջաններու մէջ)։ Երկրին տագնապը սկսելէն ի վեր գլխաւոր մտահոգութիւնը կը շարունակէ մնալ տարեկան պիւտճէի ապահովումը, ելքն ու մուտքը հաւասարակշռելը։
Տասնամեակի մը ընթացքին հոգաբարձու եւ ուսուցչական կազմեր շահած ու կուտակած են մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու մեծ փորձառութիւն։
«Հայ դպրոցը հայ աշակերտինն է»,- կ’ըսուի արդարօրէն։
Հայ դպրոցը նոյնինքն հայ աշակերտն է։ Որովհետեւ առանց անոր «Հայ դպրոց» հասկացութիւնը կը դառնայ աննպատակ, լոկ անուանական բառակապակցութիւն։
Ազգային կեանքին մէջ ամէնէն «հարուստ» հաստատութիւնը Հայ Դպրոցն է՝ ունենալով ամէնէն թանկագին «դրամագլուխը»՝ աշակերտութիւնը. մարդկային անսպառ եւ չարզեզրկուող հարստութիւն՝ աճող ու մեզ հաւաքաբար հարստացնող, ապրեցնող, նորոգող ու ապագային բացող։
Պարտաւոր ենք աշակերտին համար հայթայթել ու յարդարել գեղեցիկ եւ հանգստաւէտ դպրոցական միջավայր, օգտագործել կրթութեան եւ ուսուցման արդիական միջոցներ՝ նպաստելով ուսումնառութեան մակարդակի բարձրացման։
Պէ՞տք է մտածուի կրթական մշակին կենսամակարդակը բարձրացնելու մասին, այո՛, անհրաժեշտաբար։ (Կը մտածուի արդէն)։ Բայց այս խոցոտ, ճնշող, գերխնդրի առկայութիւնը պատճառ չէ որ ուսուցիչը նուազ զոհողութիւն, նուազ նուիրում ցուցաբերէ իր ասպարէզին մէջ։ Ինչպէս լաւ օրերուն, կրթական մշակը կը շարունակէ իր աշխատանքը անսակարկ  նուիրումով։ Զոհողութիւն ու նուիրում առեւտուրի, սակարանի տրամաբանութենէն դուրս կ’իյնան։
Այս համընդհանուր գիտակցութեամբ է, որ կը գործէ կրթական մշակը՝ չսակարկելով իր ժամանակն ու նուիրումը։
Նիւթականի ճգնաժամէն բացի ամէն դպրոց անկասկած ունի իրեն մասնայատուկ այլ հարցեր։ Դպրոցի մը պարագային կրնայ ըլլալ որակաւոր մնայուն ուսուցիչներ ապահովելու հարցը, մէկ ուրիշին՝ հայեցի կրթութեան հետ կապուած հարցեր, (ինչպէս՝ հայերէնաւանդ դասատուի կարիք, հայախօսութեան նահանջ), այլ մէկուն համար։աշակերտներու թիւի նօսրացում, ուսումնական մակարդակի խնդիրներ, վատթարագոյն պարագային՝ դպրոցի գոյատեւման խնդիր։
Երբ անսովոր են պայմանները, բնականաբար ընթացիկ չեն կրնար ըլլայ անոնցմէ բխած հարցերն ու անոնց լուծումը։
Սակայն ամէն հարց անպայման ունի լուծում՝ երբ ընկալուի ամբողջութեամբ, եւ ճշգրիտ ու ճիշդ ձեւով դրուի սեղանին։
Այս հանգրուանին, երբ դժուարացած են կեանքի պայմանները, սղաճի հետեւանքով արագընթաց անկումը կը կրէ կենսամակարդակը, անհատական – ընտանեկան այնպէս ալ հանրային մեր կեանքը կը կրէ այս կացութեան ժխտական ազդեցութիւնը։ Դպրոցական  միջավայրը զերծ պէտք է պահել դուրսը տիրող արժեչափերէն, յատուկ աշխատանք տանիլ այդ ուղղութեամբ, որպէսզի Հայ դպրոցին մարդակերտման առաքելութիւնը շեղում չարձանագրէ։
Ընդհանրապէս կրթական մեր մտածողութիւնը եւ ծրագրումները ըլլալու են աշակերտակեդրոն, թէ՛ հայեցի դաստիարակութեան եւ թէ վարժարանի ուսումնական – կրթական մակարդակը բարձր պահելու առումներով։
Կը մնայ՝ տագնապի փորձառութեամբ զինուած-հարստացած մեր տոկունութիւնը կրկնապատկել, մարտահրաւէրները դիմագրաւելու  իրատեսական ծրագիրներ մշակել՝ ոչ տեղքայլի մէջ պահող, այլ առաջ մղող։
Մեր դպրոցներուն մասին քարոզչական գովերգութեան առընթեր հանրայնացնել իրական պատկերը մեր կրթական օճախներուն, միշտ աւելի լաւին ձգտումով՝ չվարանիլ քննական եւ քննադատական մօտեցում ցուցաբերել հարցերուն, առաջնահերթութեան կարգով նախ էական հարցերը սեղանի վրայ դնել ու անոնց լուծման ուղղութեամբ համալիր միջոցներու դիմել՝ այն սկզբունքային համոզումով, որ Հայ Դպրոցն է գաղութի գոյատեւման եւ ճառագայթող կենսագործութեան հիմնարար առանցքը։
Դպրոցներէն ներս թուաքանակի նօսրացման դէմ՝ որակի բարձրացում, նիւթական անձուկ պայմաններուն դէմ՝ արժէքներու խթանում, ֆինանսապէս ինքնաբաւ ըլլալու ծրագիրներու մշակում, կրթական հաւանական կաղացումներու, բացթողումներու դէմ՝ հայ դպրոցը ուսումնական առաջնակարգ մակարդակի հասցնելու աննահանջ հետեւողականութիւն։ Ասոնք կրնան ուղենշային ըլլալ Հայ վարժարանի զարգացման համար։
Ընդհանրապէս պէտք է ըլլալ բացմիտ՝ հանդէպ դարու նորութիւններուն եւ արթուն՝ անոնցմէ բխող ժխտական երեւոյթներուն ու անոնց ազդեցութիւններուն, ինչ որ կը վերաբերի դպրոցին։ Յաճախ կրթական եւ ընկերային աւանդական մտածողութիւնը այս գետնի վրայ խանգարիչ դեր կը կատարէ։ Պիտի կարենալ զանազանել իսկական աւանդականը ժամանակավրէպէն, եւ շինիչ ու զարգացնող արդիականը՝ դարու խոտանէն։
Երկրի Կրթական նախարարութիւնը ի՛նք կը ճշդէ ուսումնակրթական ծրագիրը։ Այդ առումով ընելիք չունինք։ Մեզի կը մնայ զարկ տալ հայեցի կրթութեան՝ մասնագիտական բծախնդիր մօտեցումով , հետեւողական եւ ծրագրուած կերպով եւ հետեւեալ նկատառումներով.
– Որպէս Հայ դպրոցի կրթական ծրագրի բաղկացուցիչ մաս։ Դպրոց մը պարտաւոր է իր կրթական Ծրագիրը ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ գործադրելու՝ լաւագոյն կերպով։
– Որպէս քաղաքացիական ինքնակամ պարտաւորութիւն. Սուրիոյ ժողովրդագրական խճանկարին գունեղութիւնը մեր գործուն ներկայութեամբ վառ պահելու համար։
– Սուրիոյ մէջ մեր ինքնութիւնը, գոյատեւումը եւ լինելիութիւնը ապահովելու համար։
Այս առաջադրանքները առաջին հերթին երաշխաւորուած են Հայ Դպրոցի գոյութեամբ։
Հայ Դպրոցի Ազգակերտ առաքելութիւնը ծրագրուած, նպատակասլաց գործունէութիւն կը պարտաւորեցնէ։ Թիրախային յստակ ուղեցոյցի հիման վրայ ծաւալող գործունէութեան շրջագիծին մէջ հարցերու լուծումը կը դառնայ աւելի դիւրին եւ կ’ապահովուի ցանկալի յաջողութիւն։
Հայ դպրոցը պարտաւորուած է առաջընթաց արձանագրելու՝ եթէ կ’ուզէ գոյատեւել եւ գոյատեւելու միջոցով Սուրիոյ հայ համայնքի լինելիութիւնը, թէկուզ ներկայիս փոքրաթիւ համրանքով, բայց որակային բարձր յատկանիշներով, ինչպէս անցեալին, ներկայիս եւս, լաւ գալիքի մը ակնկալիքով ճառագայթող պահել։
Անցնող տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ ընդունինք որ ինչ ալ ըլլան մարտահրաւէրները թոյլ պիտի չտանք որ խանգարուի ըստ էութեան Հայ դպրոցի ուսեալ մարդուժ պատրաստելու, մարդակերտումի եւ հայակերտումի հիմնական առաքելութիւնը։
Բարի՛ վերամուտ եւ բարեյաջող կրթական տարեշրջան՝ Սուրիոյ բոլո՛ր հայ վարժարաններուն։
Շողեր Աշըգեան