Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն մասին առատ է պատճառահետեւանքային վերլուծաբանութիւնը: Տեղեկատուական ոլորտին մէջ խուճապահարութիւնը օգտակար չէ: Այդ առումով տեղեկատուական ներքին եւ արտաքին պատերազմի իրավիճակին մէջ բացառապէս յենուիլը` Արցախի տեղեկատուական շտապի հրապարակումներուն, օգտակար է թէ՛ ճիշդ կողմնորոշուելու եւ թէ՛ յատկապէս հետագայ քայլերը կազմակերպելու առումներով:

Արցախի տեղեկատուական շտապի հայթայթած նիւթերէն կարելի է լուսարձակի տակ առնել հետեւեալները:

– Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներու դուրսբերում մարտական դիրքերէն ու տեղափոխում մշտական տեղակայման վայրեր` բանակի կազմալուծման աշխատանքներուն զուգահեռ,

– Որոնողական աշխատանքներ զոհուածներու ու անհետ կորսուածներու յայտնաբերման ուղղութեամբ,

– Ծանր եւ ծայրայեղ ծանր վիրաւորներու ու հիւանդներու տեղափոխում Հայաստանի հիւանդանոցներ` Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ու ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ,

– Արցախ մարդասիրական բեռներու, բժշկական պարագաներու, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու եւ վառելիքի ներմուծում Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիով` ռուս խաղաղապահ առաքելութեան միջնորդութեամբ,

– Սեպտեմբեր 24-էն ելեկտրականութեան մատակարարման վերականգնման աշխատանքներու մեկնարկ,

– Արցախի եւ անոր ժողովուրդի ապագային շուրջ քաղաքական խորհրդակցութիւններու կազմակերպում,

– Ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ կ՛իրականացուի Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխում այն ընտանիքներուն, որոնք վերջին ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով անօթեւան մնացած են եւ հանրապետութենէն դուրս գալու ցանկութիւն յայտնած են:

Այս տեղեկութիւններէն պարզ կը դառնայ, որ մարդասիրական բեռներ սկսած են հասնիլ Ստեփանակերտ, եւ թէ տարհանման աշխատանքներ ընթացքի մէջ են:

Պարզ է, որ բոլոր քայլերն ու գործողութիւնները կը կատարուին եւ կ՛իրականանան ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ:

Թէ՛ մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու, թէ՛ փրկաորոնողական աշխատանքներ իրականացնելու եւ թէ՛ տարհանման գործողութիւններ կազմակերպելու առումով ռուսական գործօնը աշխուժացած է:

Պարզ է քաղաքական տրամաբանութիւնը: Պէտք է այնպէս ընել, որ որոշ զանգուած մը մնայ Արցախ: Անով իսկ պայմանաւորուած է ռուս խաղաղապահ առաքելութեան կեցութիւնը այնտեղ:

Անգարայէն ուղղակի ուղերձ կար, որ երկուքուկէս տարիէն կ՛աւարտի ռուս խաղաղապահ առաքելութեան ժամկէտը, եւ Թուրքիոյ նախագահը յոյս կը յայտնէր, որ Մոսկուան կը յարգէ իր խոստումը:

Արցախի պաշտպանութեան բանակի կազմալուծման նպատակով սանձազերծուած պատերազմով ըստ էութեան չեղեալ յայտարարուած է եռակողմ համաձայնութիւնը: Խորքին մէջ ասիկա հարուած է Մոսկուային, որուն երաշխաւորութեամբ եւ միջնորդաւորութեամբ կայացած էր համաձայնութիւնը:

Հիմա ռուսական նոր միջնորդութիւններ եւ երաշխաւորութիւններ կ՛արձանագրուին` մարդասիրական օժանդակութիւններու կամ սահմանափակ տարհանումներու տեսքով:

Արցախեան կողմը հաղորդած է նաեւ, որ դարձեալ ռուսերու միջնորդութեամբ կողմերը կը բանակցին զօրքերու յետքաշման գործընթացի շուրջ, ինչպէս նաեւ տարհանուած քաղաքացիները իրենց բնակավայրերը վերադարձնելու կարելիութիւններուն շուրջ:

Ենթադրեալ բեմագրութիւնը այն կրնայ ըլլալ, որ Արցախի մէջ ապրող հայութիւնը շրջապատուած ըլլայ ռուս խաղաղապահներով եւ դէպի Հայաստան ու անկէ դէպի աշխարհ իր ելքը վերահսկուի առնուազն նաեւ ռուս խաղաղապահներով:

Այս մէկը ռուսական հայեցակէտէ առաջադրելի բեմագրութիւն կրնայ ըլլալ, եթէ ռուս խաղաղապահներու Արցախ կեցութիւնը կ՛ընդունինք, որ պայմանաւորուած է Արցախի մէջ հայ ժողովուրդի գոյութեամբ:

Քաղաքականօրէն ընկալելի է, որ ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները մեծ հաշուով կ՛ընթանան Մոսկուա-Անգարա համաձայնութիւններով: Միաժամանակ փաստ է, որ նոյնիսկ Արցախ ներխուժման, բնակավայրերու վրայ յարձակումներ իրականացնելուն Ազրպէյճանի դէմ միջազգային ընտանիքը կը բաւարարուի դատապարտանքով, կոչով, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անբանաձեւ նիստերով:

Կը թուի, թէ այս բոլորին արդիւնքը այն է, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակի լուծարման դիմաց Ռուսիոյ Դաշնութիւնը կը ստանձնէ բացառապէս Արցախի ժողովուրդի պաշտպանութիւնը: Առ այժմ զուտ մարդասիրական եւ անվտանգային առումներով:

«Ազդակ»