ՀԱԼԷՊԻ ԽԱՆԵՐԸ

Հինէն ի վեր Հալէպ ճանչցուած է որպէս  Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն վաճառաշահ եւ հարուստ քաղաքը՝ ունենալով  բազմաթիւ խաներ:
Երեք դար առաջ Հալէպի ներքին եւ արտաքին վաճառականութիւնը հասած էր իր ամէնէն ծաղկեալ վիճակին, Հալէպի մեծ եւ փոքր գրեթէ բոլոր խաները ո՜չ միայն առեւտուրի ընդարձակ եւ բանուկ  շուկաներ էին, այլեւ՝ եւրոպական ու ասիական ամէն տեսակ ապրանքներու մթերանոցներ: Քսանէն աւելի նշանաւոր խաները ճարտարապետական արուեստի  սքանչելի նմոյշներ են ցարդ: Նաեւ եւրոպացիք սկիզբէն մինչեւ այսօր այս խաներուն մէջ բնակած են: Մնացեալ հարիւրէ աւելի խաները ցրուած  են քաղաքին զանազան թաղերուն մէջ, որոնք երկու դար առաջ անջատ արուարձաններ էին ինչպէս Ճըտէյտէ,  Քասթալ Հարամի եւ այլն:
Միայարկ այս խաները իրենց շատ հաստակուռ պատերով եւ մեծադիր քարերով կառուցուած շէնքեր եղած են: Գետնայարկը բաժնուած է սենեակներու, որոնք միայն վերէն բացուած պատուհաններով կը լուսաւորուէին: Առաջին յարկը  ունէր ընդարձակ լուսաբացներ, ուր ամառ ատեն պանդուխտներ կամ խանի բնակիչներ կը պառկէին: Ասոնց քով փոքր սենեակներ ալ կային՝ ուր կը բարձրանային, ընդհանրապէս, խանին դրան քով դրուած սանդուխով մը: Երկրորդ յարկը կը գործածուէր իբր ճամբորդներու հիւրանոց, չնչին վարձքի մը փոխարէն, բայց մեծ խաները՝ իբր վաճառականութեան կեդրոն, հարուստ առեւտրականներու ապրանքները պահպանելու համար:
Ամէն խան միայն մէկ դուռ ունէր, սակայն երկու փեղկով։ Երկաթապատ մեծ փեղկերէն մէկուն վրայ կը գտնուէր փոքր դռնակ մըն ալ, որ մինչեւ ուշ ատեն կրնար բաց մնալ: Մինչեւ դար մը առաջ Հալէպի մեծ խաներուն մէջ կը նստէր խանին աղան՝ ամէն տեսակի ապրանքէ որոշ տուրք մը կը ստանար եւ գործակատարի պաշտօն կը վարէր, իր հրամանին տակ ունենալով միշտ խանին մէջ բնակող  վստահելի սենեկապետներ, որոնք այդ ժամանակ ընդհանրապէս հայեր կ’ըլլային:
Արաբկիրի շրջանի խաներն ալ ընդարձակ ու մաքուր քարերով  սալայատկուած բակեր ունէին, օժտուած գեղակերտ աւազաններով:
ՍԻՄԷՈՆ ԼԵՀԱՑԻ կը պատմէ իր ուղեւորութեան մասին ու կը թուէ 365 խան։
ԺԵ. դարէն ետք, Հալէպ քաղաքի ու նոյնիսկ շրջաններուն մէջ խաներուն թիւը բազմացած է, քաղաքը դարձած ըլլալով միջազգային առեւտուրի մեծ շահաստան մը: Փոքր ու տձեւ խաներուն տեղ շինուած են աւելի ընդարձակները: ժԶ. եւ
ԺԷ. Դարերուն, Հալէպի վաճառականութիւնը այնքան մեծ ծաւալ ստացած է եւ Եւրոպայի ու Ասիոյ հետ ամէն տեսակ ապրանքներու այնքան մեծ փոխանակութիւն տեղի ունեցած, որ Հալէպի կառավարիչներ թանկարժէք ապրանքներու փոխանակութիւնն ու փոխադրութիւնը ապահով եղանակով կատարելու կանխահոգութեամբ քաղաքէն դուրս ալ կառուցած  են գեղեցկաշէն եւ ընդարձակ խաներ, որոնք յաճախ ենթարկուած են զինուած աւազակներու յարձակումին ու  կողոպուտին։ Դարեր շարունակ աւազակներու որջերու վերածուած են գլխաւորաբար Հալէպէն Ալեքսանտրէթ տանող արքունի բանուկ ճամբուն երկու եզերքները, ուր միշտ թալանի նստած  են քիւրտ, թիւրքմէն եւ եորիւքներ կամ իրենց գործակալները ու բաժնեկից եղած են ձեռք ձգուած  կողոպուտներուն: Այս է պատճառը, որ առեւտրական այդ բանուկ ճամբուն վրայ, մասնաւորապէս Հալէպի մօտ եղող կայաններուն մէջ շինուած են հաստատուն, ընդարձակ ու գեղակերտ խաներ, ուր ապահովութեան համար կառավարութեան կողմէ պահակագունդեր դրուած են:
– Խան Թուման, Քուէյք գետի վերջաւորութեան կը գտնուէր այս գիւղը, որ այնքան կարեւոր կայան մըն էր հարեւան քաղաքներէն ու արեւմուտքէն Հալէպ հասնող կամ մեկնող կարաւաններուն:
Այժմ աւերակներ միայն իր անցեալի երբեմնի ճոխութիւնը կը վկայեն:
Հալէպի խան Սապունը  խան Թումանի հետ նոյն ճարտարապետական ոճը կը կրէ: Ինչպէս նաեւ Հալէպի  Քասթալ Սահաթ Պիզան, մասնաւորապէս իր անկիւնասիւներու ոճովն ու զարդարուն հիւսուածքով, շատ նման է Խան Սապունի եւ Խան Թումանի: Համա-Հալէպ ճամբուն վրայ կը գտնուի Խան Շէյխուն, որ կը ծառայէր Մէքքէ տանող իսլամ ուխտաւորներու կարաւաններուն՝ իբրեւ օթեւան:
Հալէպ ունեցած է 35 խան։
Համադրեց՝
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան