ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՀԱՒԱՍԱՐ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ
Ֆութպոլի Հայաստանի հաւաքականը Եւրոպայի 2024 թուականի առաջնութեան ընտրական փուլի հերթական խաղին հաւասար արդիւնքով աւարտեց Թուրքիոյ հետ հանդիպումը: Խաղի առաջին կիսուն, կողմերը չկրցան կոլ նշանակել, իսկ երկրորդ կիսուն 49-րդ վայրկեանին, Արտակ Դաշեան կատարեց կոլերու բացումը: Հայ մարզիկները ամէն գնով փորձեցին պահպանել առաւելութիւնը, սակայն 88-րդ վայրկեանին դաշտի տէրերը յաջողեցան նշանակել հաւասարութեան կոլը: Թուրքիոյ հաւաքականը այս խաղէն ետք ունեցաւ 10 կէտ եւ շարունակեց գլխաւորել աղիւսակը: Հայաստանի եւ Խրուաթիոյ կազմերը 7-ական կէտով կը գրաւեն 2-3-րդ տեղերը:
ԳՈՌ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱԼԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ
Եւրոպայի ախոյեան Գոռ Սահակեան Ռիատի մէջ ընթացող ծանրամարտի աշխարհի առաջնութեան նուաճեց Հայաստանի առաջին մետալը: Տղամարդոց 67 քկ. ծանրութեան կարգին հայ մարզիկը երկամարտին ցոյց տուաւ 312 քկ. (142+170) արդիւնք եւ գրաւեց 3-րդ տեղը: Ան պրոնզէ մետալ նուաճեց նաեւ պոկումի վարժութեան: Այս ծանրութեան կարգին աշխարհի ախոյեան դարձաւ չինացի Լիու Չենը, որ 21 քկ.-էն աւելի՝ 333 քկ. բարձրացուց:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՀԱՆԶ ԹԻՏԸՐ ՀԵՌԱՑՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԷՆ

Գերմանիոյ Ֆութպոլի Դաշնութիւնը (DFB) իր հերթական նիստով հեռացուց Հանզ Թիտըր Ֆիլիքը ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն: Այս մասին յայտարարութիւն կատարեց կազմակերպութեան մամլոյ ծառայութիւնը։ Հեռացուեցան նաեւ ֆիլիքի օգնականներ՝ Մարկոս Զորքն ու Տանի Ռիոլը։ Որոշումէն մէկ օր առաջ, գերմանացիները 1 – 4 հաշուով պարտուած էին Ճափոնի հաւաքականէն: «Գերմանիոյ հաւաքականին անհրաժեշտ է նոր խթան վերջին հիասթափեցնող արդիւնքներէն ետք։ Մեզի պէտք է վերադարձնել լաւատեսութեան եւ վստահութեան ոգին՝ Եւրոպայի առաջնութենէն առաջ, որ տեղի պիտի ունենայ մեր երկիրէն ներս։ Շատ ծանր որոշում է, որովհետեւ ես բարձր կը գնահատեմ Հանզ Ֆլիքի արհեստավարժ եւ մարդկային որակը։ Սակայն մարզական յաջողութիւնները առաջնահերթութիւն են Գերմանիոյ ֆութպոլային միութեան համար։ Այդ պատճառով այս որոշումը անխուսափելի էր», ըսաւ DFB-ի տնօրէն Պերնտ Նոյենտորֆը։
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան