Երկուշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանը իր դռները բացաւ ընդունելու մեր շատ սիրելի աշակերտները վերանորոգուած վարժարանէն ներս։
Այս առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վարդապետ Պարիխանեան, Ազգ. Վարչութեան եւ Ուսումնական Խորհուրդի անդամներուն ընկերակցութեամբ այցելեց Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան, 2023-2024 տարեշրջանի վերամուտը բաց յայտարարելու եւ սրբազան հօր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելու վարժարանիս Հոգաբարձութեան, Տնօրէնութեան, Ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան, մաղթելով անփորձանք, արդիւնաւէտ եւ բարեյաջող ուսումնական տարեշրջան մը։
Վարժարանիս տնօրէնուհի Նայիրի Քէօշկէրեան-Բանոյեան արտասանեց բարի գալուստի խօսքը, որուն ընդմէջէն շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր իր հայրական հոգածութեան համար, ինչպէս նաեւ բոլոր այն հաստատութիւններուն եւ բարերարներուն, որոնք իրենց նիւթական օժանդակութեամբ եւ ներդրումով սատար հանդիսացան այս վարժարանի վերանորոգման։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Արցախի իրավիճակին եւ բոլոր մանուկներուն, որոնք զրկուեցան ուսումէ, աղօթելով առ բարձեալն Աստուած, որ խաղաղութիւն պարգեւէ համայն աշխարհին, յատկապէս հայոց աշխարհին։ Ետքը առաջին կարգի աշակերտները իրենց մանկապարտէզի դաստիարակուհիներուն ընկերակցութեամբ  ծափողջոյններով դիմաւորուեցան վեցերորդ կարգի աշակերտներուն կողմէ եւ յանձնուեցան առաջին կարգի դաստիարակուհիներուն։
Վարժարանիս պետական տնօրէնուհի Պայան ալ-Նաքրի իր սրտի խօսքը արտասանեց, նաեւ վեցերորդ կարգէն երկու աշակերտուհիներ հայերէն եւ արաբերէն սրտի խօսքեր ներկայացուցին, ապա Հոգեշնորհ  Տ. Մանուկ Վարդապետ Պարիխանեանի առաջնորդութեամբ բոլորը «Տէրունական աղօթք»-ը եւ «Զգործս ձեռաց մերոց»-ը աղօթելէն ետք զոյգ մը աղաւնիներ թռցուեցան, որպէս խաղաղութեան խորհրդանիշ եւ բոլորին մասնակցութեամբ «Ազգ իմ փառապանծ» երգով  վերջ գտաւ բացման հանդիսութիւնը։
Իսկ առաջին զանգը հնչելէն ետք, աշակերտները դաստիարակուհիներուն ընկերակցութեամբ իրենց դասարանները բարձրացան եւ  ստացան դպրոցական պայուսակներ ու գրենական պիտոյքներ բարերարներ՝ Վրէժ եւ Տիգրան Գաբրիէլեան եղբայրներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ գեղեցիկ փուչիկներ, որոնք պատրաստուած էին Դալար Կրպոյեան-Սարգիսի կողմէ, որ նաեւ ստանձնած էր վարժարանիս մուտքի յարդարումը։
Բոլորին վարձքը կատար։
Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի 
Հոգաբարձութիւն եւ Տնօրէնութիւն