Վառելանիւթի պահեստանոցին մէջ երէկ տեղի ունեցած պայթումին հետևանքով այս պահուն հաստատուած զոհերու թիւը 68 է, կը յայտնէ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան՝ աւելցնելով, որ պարզ է միայն 21-ի ինքնութիւնը::

«Վիրաւորուած է 290 քաղաքացի, որոնցմէ 168-ը այսօր տեղափոխուած է ՀՀ բժշկական հաստատութիւններ՝ 96-ը՝ ՀՀ և ռուս խաղաղապահներու ուղղաթիռներով, 72-ը՝ ՀՀ շտապ օգնութեան մեքենաներով՝ Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէի ուղեկցութեամբ», գրած է Ստեփանեան։
Տեղեկատուական կեդրոններ ստացուած զանգերուն ամփոփ տուեալներուն համաձայն՝ պայթումին հետևանքով անյայտ ճակատագրով քաղաքացիներու թիւը 105 է։
Պայթումին հետեւանքով տուժած 14 անձ արդէն տեղափոխուած է «Այրուածքաբանութեան Եւ Մաշկաբանութեան Ազգային Կեդրոն»: Բժիշկներէն մէկը յայտնեց, որ տուժածներու առողջական վիճակի մասին տեղեկութիւններ կրնան յայտնել միայն հետազօտութիւններէն վերջ:

Ստեփանակերտէն արդէն 4-րդ ուղղաթիռը ուղեւորուած է դէպի Հայաստան, բժիշկներէն մէկուն փոխանցումով, իւրաքանչիւր ուղղաթիռով 7 տուժած տեղափոխուած է։

Աւելի ուշ հաղորդուած է, որ պայթումի հետեւանքով հիւանդանոցներ ընդունուած են 290 տուժածներ: Հայաստանէն բժիշկներու խումբ մը այսօր առաւօտեան ուղղաթիռով, իսկ շտապօգնութեան մեծ կիսաբաժին մը Կոռնիձորէն ցամաքով ուղղուած են դէպի Արցախ։