Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի բարձունքին դարերու խորքէն վեր կը խոյանայ Գանձասարի վանական համալիրը։ Անիկա հայ ճարտարապետութեան հանճարեղ միտքի ու վարպետութեան վառ օրինակներէն է։

Պահպանուած արձանագրութեան համաձայն, վանական համալիրի կառուցումը սկսած է 1216-ին եւ աւարտած է 1238-ին: Գանձասարի վանքը բաղկացած է Սբ. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցիէն, գաւիթէն, կրօնական ու աշխարհիկ կառոյցներէ։ Վանքապատկան բնակելի եւ տնտեսական շէնքերու, դարպասներով պարիսպներու հետ միասին Գանձասարը հայ ճարտարապետութեան լաւագոյն համալիրներէն մէկն է: Վանքի շուրջ երկու հարիւր արձանագրութիւններու մեծ մասը գրուած է վարպետ գրիչներու ձեռքով:

Ժամանակի պատմիչները` յատկապէս Կիրակոս Գանձակեցին, հիացմունքով կը պատմէ վանքի շինարարութեան եւ անոր օծման արարողութեան մասին: Պատմական աղբիւրներէն յայտնի է, որ Գանձասարի հինաւուրց եկեղեցին քաղաքական ու կրօնական հաւաքատեղի էր Արցախի եւ շրջակայ հայկական գաւառներուն բնակչութեան համար: 17–րդ դարու վերջաւորութեան, Գանձասարը արդէն մեծ անուն ունեցող պատմամշակութային եւ հոգեւոր կեդրոն էր: Դարավերջին դարձած էր ազատագրական կեդրոն՝ հայրենասիրական ձգտումներ ունեցող մարդոց գլխաւոր հաւաքատեղի: Շարժումը կը գլխաւորէր եւ կ’առաջնորդէր Գանձասարի Եսայի կաթողիկոսը: Անոր եւ Իսրայէլ Օրիի համախմբումին շնորհիւ կատարուած են Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններուն առաջին քայլերը:

1701 թուականին այստեղ գրուած է ռուսական կայսր Պետրոս Առաջինին ուղղուած առաջին նամակը, որով Ղարաբաղի հայերը ռուսական պետութենէն օգնութիւն խնդրած են արեւելքի բարբարոսներէն ազատագրուելու համար: 1923 թուականին՝ Արցախ աշխարհը Ատրպէյճանին բռնակցուելէն վերջ, Գանձասարը չէ գործած եւ անիկա կարելի եղած է նորոգել միայն 1993 – 1997 թուականներուն: Ուսումնասիրողները Գանձասարի վանական համալիրը միաձայն համարած են 13-րդ դարու հայկական ճարտարապետութեան «գոհարն ու շտեմարանը»։ Հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան լաւագոյն գիտակ Ա. Լ. Յակոբսոնի կարծիքով․ «Գանձասարի վանքը ոչ միայն ինքնատիպ է ու իր կատարելութեան մեջ ինքնուրոյն, այլեւ բացառիկ է, մենք չենք կրնար ցոյց տալ ուրիշ այդպիսի յուշարձան մը Հայաստանի հողին վրայ»:

Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն