Ռուբէն Վարդանեանի կինը՝ Վերոնիքա Զոնապենտ, յայտարարութիւն տարածած է, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Այսօր առաւօտեան ամուսինս՝ բարերար, գործարար եւ Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, ձերբակալուած եւ գերեվարուած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ սահմանին, երբ կը փորձէր լքել Արցախը ատրպէյճանական բռնատիրութենէն փախած հազարաւոր այլ հայերու հետ։ Շրջափակումին տասը ամիսներու ընթացքին Ռուբէն ուս-ուսի տուած կանգնած է արցախցիներու կողքին, տարած է դժուարութիւնները, անոնց հետ պայքարած է Արցախի գոյատեւման համար։ Ես կ’աղօթեմ, որ ամուսինս անվնաս ազատ արձակուի եւ կը խնդրեմ ձեր աջակցութիւնը»:

Վերոնիքա Զոնապենտ