Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան կազմակերպութիւնը X-ի (նախկին Թուիթըր) իր միքրոպլոկին վրայ տեսանիւթ հրապարակած է, ուր կ’երեւի, թէ ինչպէ՛ս երկու ատրպէյճանցի զինուորական ծառայողներ կը կրակեն Չարեքտարի 13-րդ դարու վանքին ուղղութեամբ:

Հրապարակուած տեսանիւթէն կը յստականայ, որ վանքին վրայ կը կրակեն նոյնիսկ զրահափոխադրիչով։

«Նման յարձակումներ ուղղակիօրէն կը խախտեն հայկական մշակութային ժառանգութեան մասին Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի ընդունած ժամանակաւոր միջոցները, անոնք պէտք է հետաքննուին ու կատարողները պատասխանատուութեան ենթարկուին», նշուած է գրառումին մէջ։