Ժամը 12:00-ի դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած 68386 անձ ժամանած է Հայաստանի Հանրապետութիւն։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին կը յայտնէ ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Նազելի Պաղտասարեան։

«Բոլոր անոնք, որոնք չունին կեցութեան նախապէս որոշուած վայր, կառավարութիւնը կ՚ապահովէ համապատասխան կեցավայրով: Աջակցութեան կարիքներու նպատակով հաշուռումը կը շարունակուի», ի յաւելումն կը տեղեկացնէ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմը։