ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2024-ԻՆ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԲՌՆԻ ՈՒԺԻ ՆԵՐՔՈՅ ԿԸ ԴԱԴՐԻ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼԷ. ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐ ՍՏՈՐԱԳՐԱԾ Է

Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւումը եւ Արցախի ժողովուրդին բռնի տեղահանումը իր լրումին կը հասնի ողջ աշխարհին աչքին առջեւ։

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան հրամանագիր ստորագրած է 19 Սեպտեմբերէն վերջ ստեղծուած իրավիճակէն բխող գործողութիւններուն մասին։

Համաձայն հրամանագիրին, ստեղծուած ռազմաքաղաքական ծանր իրավիճակին լոյսին տակ՝ մեկնելով Արցախի ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութեան եւ կենսական շահերու ապահովման առաջնահերթութենէն, ինչպէս նաեւ նկատի առնելով ռուսական խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութեան միջնորդութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն հետ պայմանաւորուելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն՝ զէնքերը վար դրած զինուորականներուն ազատ, կամաւոր եւ անխոչընդոտ ճանապարհորդութիւնը ապահովուած է Լաչինի միջանցքի երկայնքով մեքենաներու վրայ իրենց գոյքով եւ առաջնորդուելով Լեռնային Ղարաբաղի Սահմանադրութեան 93-րդ յօդուածով , որոշուած է.

1. Մինչեւ 1 Յունուար 2024-ը լուծարել իրենց գերատեսչական ենթակայութեան բոլոր պետական ​​հիմնարկները եւ կազմակերպութիւնները, եւ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութիւնը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ։

2. Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը՝ հանրապետութենէն դուրս գտնուող բնակչութիւնը, սոյն հրամանագիրի գործադրութեան տակ դրուելէն վերջ կը ծանօթանայ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէն ներկայացուած վերստին ներգրաւման պայմաններուն՝ անկախ եւ անհատական ​​որոշում կայացնելու նպատակով ապագային Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնալու (վերադառնալու) կարելիութեան մասին.

Սոյն հրամանագիրը գործադրութեան կը դրուի հրապարակման պահէն անմիջապէս վերջ։