Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի մեծ ընտանիքը Արցախի օժանդակութեան ՀՕՄ-ի ընդհանուր ծրագիրներուն մասնակցելով կազմակերպեց ցուցահանդէս-վաճառք։
Արդարեւ, Երեքշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2023-ին բացումը կատարուեցաւ «SOS Արցախ» խորագիրը կրող ցուցահանդէս-վաճառքին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս։
ՍՕ Խաչի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի եւ Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Սիրան Ամպարճեանի։
Ցուցահանդէսի բացման սրբազան հօր կողքին ներկայ էին Հոգեշնորհ Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Ազգային Վարչութեան Քաղաքական ժողովի Պատկան Մարմինի ու բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, խաչուհիներ եւ հիւրեր։
Սոյն ցուցահանդէս վաճառքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Աշխատանոցի, Մանկամսուրի, Պատսպարանի «Փեթակ» եւ «Շիրակ» վաճառատուներու յանձնախումբերը, ինչպէս նաեւ ՍՕ Խաչի նստավայրի երեք մասնաճիւղերը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Սիրան Ամպարճեան՝ շեշտելով որ ճակատագրական այս օրերուն, անգամ մը եւս կարիքը կը զգանք որպէս սուրիահայեր, ՀՕՄ-ուհիներ եւ խաչուհիներ համախմբուելու եւ միասնաբար մեր զօրակցութիւնը յայտնելու Արցախին եւ արցախահայութեան։
Խորապէս գիտակցելով Արցախի ժողովուրդին օժանդակելու անյետաձգելի հրամայականին, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ մնալով «Ժողովուրդիս հետ ժողովուրդիս համար» կարգախօսին ՍՕ Խաչը իր 10 մասնաճիւղերով Սեպտեմբեր ամիսը նուիրեց Արցախի ժողովուրդին օժանդակութեան ծրագիրներուն:
Ապա  ատենապետուհին ընթերցեց Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան Արցախի հրատապ օժանդակութեան կոչը: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Սեպտեմբեր 14-ի գիշերը որոշում առած էր համագործակցիլ «Մենք Ենք Մեր Սարերը» բարեսիրական կազմակերպութեան հետ։ Առ այդ կոչ կ’ուղղէր ՀՕՄ-ի միաւորներուն իրենց ներդրումը բերելու հրատապ ծրագիրներու՝ արագ որոշում գոյացնելով գումար փոխանցելու կեդրոնականի գրասենեակ, կազմակերպելով դրամահաւաքներ կամ ձեռնարկներ Արցախի Օժանդակութեան համար։
Ան եզրափակեց իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անդամուհիներուն, որոնք մասնակցեցան այս ձեռնարկին։
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Սուրիոյ Հայ Դատի գրասենեակի յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած վաւերագրական տեսերիզ մը։
Շրջ. Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբի անդամ Մարինա Պօղիկեան ներկայացուց Արցախի ներկայ իրավիճակը ցոլացնող տեսանիւթ մը։
Անդրադառնալով Արցախի անցեալին ան դիտել տուաւ, որ Արցախի մէջ հայերը կ’ապրին աւելի քան 3000 տարիէ ի վեր։ Ապա ներկայացուց համառօտ պատմութիւնը մինչեւ ներկայ ողբալի վիճակը:
Աւելցնենք, որ Շուկայավարման յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած էին փոքրիկներուն համար  ներկելու եւ գծելու յատուկ թերթիկներ։ Ձեռնարկին հասոյթը յատկացուեցաւ Արցախին:
Ցուցահանդէսին ներկայ էին նաեւ տեղական լրատուամիջոցներ, ինչպէս «Գանձասար»-ը եւ «Ռատիօ Երազ»-ը։
Սոնիա Զամպագճեան-Ճարպիկեան