Ամէն տարի, նոր տարեշրջան մը չսկսած, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը սովորութիւն ունի հաւաքելու Ճեմարանի շունչով օժտուած շրջանաւարտները՝ միասին անցընելու բանակում մը, որ միշտ վառ կը մնայ իրենց յիշողութեան մէջ։
Այս տարի եւս, հակառակ երկրիս տնտեսական դժուար պայմաններուն, Շրջանաւարտից Միութեան Վարչութիւնը յաջողեցաւ կազմակերպել հաճելի, օգտաշատ եւ մտերմիկ բանակում մը։
14 Սեպտեմբերի առաւօտուն ժամանեցինք Քեսապի բանակավայր՝ «Կազդուրման Կայան»։  Նախաճաշելէ ու տեղաւորուելէ ետք, հաճելի խաղով մը աւելի ծանօթացանք իրարու։ Ապա «Երիտասարդական Մտորումներ» խորագրով զրոյց մը ունեցանք, որուն ընթացքին քննարկեցինք մեր՝ երիտասարդներուս առօրեայ դժուարութիւններն ու հարցերը։ Հաճելի եւ օգտակար էր լսել կարգ մը դժուարութիւններ յաղթահարելու համար մեր ընկերներուն կարծիքները։ Ճաշի դադարէն ետք, շարժապատկեր մը ցուցադրուեցաւ՝ ուրախութեան հասնելու ճանապարհին մասին, որուն մասին զրուցեցինք տարակարծութիւններ տալով ու մեր կարծիքները համատեղել փորձելով։
Երեկոյեան Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջանաւարտ, քեսապաբնակ Կարօ Մանճիկեան դասախօսեց՝ «Ճեմարանը որպէս արժէք» նիւթը։ Ան յիշելով Քարէն Եփփէ Ճեմարանի պատմութիւնը լուսարձակի տակ առաւ երջանկայիշատակ շրջանաւարտ դէմքեր, որոնց ջանքերով Ճեմարանը պահած է իր հայեցի մթնոլորտը ու զայն սերունդէ-սերունդ փոխանցած։ Գիշերուան ընթրիքին եւ ազատ ժամերուն ընթացքին կը տիրէր ընկերային ջերմ մթնոլորտ մը՝ երգեր, խաղեր, զրոյցներ, որոնք կարծէք վերջ չունէին։ Այս մթնոլորտը Շրջանաւարտից Միութեան մեզի շնորհած  պարգեւներէն մէկն է։
Բանակումին երկրորդ օրը Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան ուղղուեցանք։ Ճեմարանին վայրը տարբեր էր մեր վարժարաններէն, որովհետեւ բնութեան գիրկն էր, շրջապատուած՝ կանաչապատ լեռներով եւ պարտէզներով։ Որքան հաճելի է այսպիսի դպրոց մը յաճախելը,- մտածեցի։ Հանդարտութիւն մը կը տիրէր հոն։ Երբ ներս մտանք, այցելեցինք 12-դ կարգի դասարանը եւ ծանօթացանք ուսանողներուն։ Հայերէնի դասապահն էր։ Հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Շողեր Աշըգեան մեզի ծանօթացնելով աշակերտներուն, յայտնեց դասապահերը աւելի հաճելի, օգտաշատ ու հետաքրքրական դարձնելու միջոցները, որպէսզի իւրաքանչիւր ուսանող ազատ ըլլայ արտայայտուելու, կարծիքը յայտնելու եւ դասին մասնակցելու։ Ապա մեզ ջերմօրէն ընդունեց Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի տնօրէն Վարուժան Փանոսեանը։
Տնօրէնը դպրոցին մասին տեղեկութիւններ տուաւ մեզի, յետոյ միասին զրուցեցինք Քեսապի եւ Հալէպի ճեմարաններու իրավիճակին շուրջ։ Իրականութեան մէջ երկու ճեմարաններն ալ նոյնանման դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Վերադառնալով բանակավայր, կրկին զրոյցի օրակարգ մը ունեցանք, այս անգամ դրամի արժէքին շուրջ, քննարկելով անոր ունեցած ազդեցութիւնը բարոյական արժէքներուն վրայ։
Կէսօրէն ետք, մեր ոտնագնդակի խումբը արդէն պատրաստ էր բոլորիս կողմէ սպասուած մրցումին, որ պիտի ընթանար Հալէպի Շրջանաւարտից Միութեան եւ Քեսապի ՀՄԸՄ-ի խումբերուն միջեւ։ Համալիրի դաշտը երիտասարդութեամբ լեցուն էր։ Խաղացողները իրենց աշխուժութեամբ խանդավառեցին հանդիսատեսները։ Օրը բոլորեցինք bitcoin-ի մասին օգտաշատ դասախօսութեամբ, խրախճանքով ու բարձր տրամադրութեամբ։
Յաջորդ օրուան անհամբերութեամբ կը սպասէինք, որովհետեւ ծով պիտի մեկնէինք։ Ծովուն ալիքներուն հետ ծփացինք ու հանգստացանք՝ վայելելով անոր բոյրն ու բաց երկինքին կապոյտը։
Կիրակի օր բանակումին վերջին օրն էր։ Առաւօտուն ներկայ գտնուեցանք Քեսապի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ Սուրբ Պատարագին։ Յետմիջօրէին մեր յայտագիրը կրկին հարուստ էր։ Զրուցեցինք կամքի տիրապետութեան մասին, ապա ունկնդրեցինք «Հայ Երիտասարդը Եւ Հայ Եկեղեցին» վերնագիրով դասախօսութիւն մը։
Յաջորդ օրակարգը «ազատ բեմ»-ն էր, ուր քննարկեցինք բանակումը՝ տարբեր տեսանկիւններէ դիտուած։
Երեկոյեան, ժամանեցին Քեսապի մեր ընկերները, որոնց հետ ընթրիքի մը շուրջ անմոռանալի պահեր ապրեցանք եւ ջերմ կապեր հաստատեցինք իրարու հետ։ Ապա խրախճանքով ու ջերմ մթնոլորտով մեր բանակումը իր աւարտին հասաւ։
Երախտապարտ ենք Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանին մեզի պարգեւած ճեմարանական ինքնութեան համար։ Ուր ալ ըլլանք պիտի վայելենք այդ պատկանելիութեան ջերմութիւնը։
Անի Պօղիկեան