Շաբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Քրիստոնեայ համայնքապետերու հերթական ժողովին, հիւրընկալութեամբ՝ Արաբ Աւետարանական Համայնքի Վերապատուելի Իպրահիմ Նսէյրի։
Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։
Եղբայրական սիրոյ ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող ժողովին արծարծուեցան եկեղեցիները յուզող զանազան հարցեր։