ԿՈՃԱՊՂՊԵՂԻ ՕԳՏԱԿԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ

Կոճապղպեղը բուսական արմատ է, որ բազմաթիւ օգուտներ ունի մեր մարմնին եւ առողջութեան համար: Կոճապղպեղը դարեր շարունակ օգտագործուած է սննդեղէնի պատրաստութեան ընթացքին՝ իր բազմօգուտ յատկութիւններուն շնորհիւ:
Այս արմատը Արեւելքի ամէնէն նշանաւոր եւ կարեւոր բոյսերէն էր, յատկապէս արաբական երկիրներու, Չինաստանի եւ Հնդկաստանի մէջ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք կոճապղպեղի օգտակար քանի մը յատկութիւններ, որոնք կը բարելաւեն մեր առողջութիւնը եթէ կանոնաւորաբար սպառենք զայն:
1. Սրտխառնուքի դէմ
Յղութեան ընթացքին իտէալական է կոճապղպեղ օգտագործելը որպէս բնական դեղ սրտխառնուքի: Ան կ’օգնէ յաղթահարելու նաեւ քաղցկեղէ տառապողներուն քիմիական դեղերով բուժման ընթացքին յառաջացած ստրխառնուքը:
2. Մարսողական
Կոճապղպեղը կը թելադրեն անոնց, որոնք կը տառապին մարսողական հարցերէն:
3. Բնական հակաբորբոքային միջոց
Բորբոքումներ ունենալու պարագային կը թելադրուի կոճապղպեղի թէյը կամ փոշին օգտագործել:
4. Կոկորդի ցաւի դէմ
Արհեստավարժ երգիչները կոճապղպեղի երկրպագուներ են: Կոճապղպեղը կը պաշտպանէ կոկորդը վարակներէն եւ ձայնալարերը փափուկ կը պահէ:
5. Մարմինը ջերմացնող
Կոճապղպեղը կը թելադրուի այն մարդոց, որոնք ձմրան յաճախ կը մսին: Անով պատրաստուած թէյը կազդուրիչ կ’ըլլայ ձմրան ցուրտին:
6. Կը նպաստէ նիւթափոխանակման
Այս արմատը յաճախակիօրէն օգտագործելով ձեր սնունդին մէջ, ձեր մարմնի նիւթափոխանակումը կը բարելաւուի, ինչ որ կը նպաստէ նաեւ նիհարնալու:
7. Կը նպաստէ ճնշուածութեան մեղմացման
Կոճապղպեղը, որ կը  պարունակէ սինոլ, կ’օգնէ նուազեցնելու անհանգստութեան մակարդակը, կը կարգաւորէ ճնշուածութիւնը եւ մարմինին կը պարգեւէ հանգիստի զգացում:
8. Կը նուազեցնէ մկանային ցաւերը
Եթէ օրուան ընթացքին մկանային ծանր աշխատանք տարած ըլլաք, օգտագործեցէ՛ք կոճապղպեղը, որպէսզի ձեր մկանները հանգստանան:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ ԿՈՃԱՊՂՊԵՂԸ
Կարելի է այս արմատը օգտագործել թարմ վիճակով, թէյով կամ փոշիացած վիճակով:

ԿՈՃԱՊՂՊԵՂՈՎ ԹԷՅ

Բաղադրութիւն
-3 Ճաշի դգալ մեղր
-1 կիտրոն
-1 թարմ կոճապղպեղ
Պատրաստութիւն
Թարմ կոճապղպեղը կտրտել եւ եռացնել մօտ 10 վայրկեան: Ապա մարել կրակը ու աւելցնել կիտրոնի շերտերը: Թէյամանին կափարիչը գոցել եւ թողուլ, որ հանգչի 2-3  վայրկեան: Խմելէ առաջ աւելցնել մեղրը՝ ըստ ճաշակի: