ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա.Կաթողիկոսի թելադրանքով, ԱՄՆ Արեւմտ. Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի, Կիլիկիոյ մատենադարանի տնօրէն Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի ու Գերշ. Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի ձեռամբ հալէպահայ Կարօ եւ Տիրան Գըլըճեան եղբայրներ պարգեւատրուեցան Կիլիկիոյ ասպետի շքանշանով, իրենց տարիներու նիւթական եւ բարոյական ներդրումին համար։

Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 24 Սեպտեմբեր 2023-ի յետմիջօրէի ժամը 6։00-ին, Phoenicia Ճաշարանէն ներս: