Reuters-ը, յղում ընելով ԹԱՍՍ-ին, կը տեղեկացնէ, որ Լաչինի անցակէտին ատրպէյճանցիներու կողմէ ձերբակալուած է 2015-2018 թուականներուն Արցախի պաշտպանութեան նախարար, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լևոն Մնացականեանը։ Տեղեկութիւնը հաստատած են նաև «Ազատութեան» Արցախի իշխանութիւններուն մօտ կանգնած աղբիւրները։

Պաքուն այս լուրը պաշտօնապէս չէ հաստատած։ Այս պահուն հրամանատարին գտնուած վայրը յայտնի չէ։

Մինչև բարձաստիճան զինուորականին ձերբակալութիւնը Արցախի իշխանական շրջանակներէն «Ազատութեան» փոխանցած էին, որ այս պահուն նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան ատրպէյճանական կողմին հետ բանակցութիւններ կը վարէ՝ երկրի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը Արցախէն անվտանգ դուրս բերելու համար։

Պաքուն ցուցակ ունի Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ 200 հայերու, որոնց մտադիր է ձերբակալել։
Արցախցի պաշտօնեան, որ իր անունը չյայտնեց, «Ազատութեան» ըսաւ, որ ձերբակալման վտանգի տակ են նաև Արցախի երեք նախկին նախագահները՝ Բակօ Սահակեանը, Արկատի Ղուկասեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, նախկին արտաքին գործոց նախարար և Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայանը։ Բացի ատկէ, Ատրպէյճան ունի ցուցակը շուրջ երկու հարիւր հայերու, որոնց կը ջանայ ձերբակալել՝ տարբեր յօդուածներով։

Արցախի նախագահին խորհրդականը դեռ երէկ առաւօտեան ֆէյսպուքեան իր էջին գրած էր, որ ընդգրկուած է Ատրպէյճանի սև ցուցակին մէջ, և որ ատրպէյճանական կողմը պահանջած է ժամանել Պաքու համապատասխան հարցաքննութեան համար։ «Որոշեցի այսօր Ստեփանակերտէն մեկնիլ Շուշի» , գրած էր Դաւիթ Բաբայեան՝ ընդգծելով, որ իր չներկայանալը կամ փախուստը լուրջ վնաս կը հասցնէր շարք մը մարդոց։ Առ այս պահը, սակայն, յայտնի չէ նաև Դաւիթ Բաբայեանի գտնուած վայրը։