Ընդառաջելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Արցախի զօրակցութեան կոչին, Կիրակի, 1 Հոկտեմբեր 2023-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի տնօրինումով, Թեմի ողջ տարածքին՝ Հալէպի, Ճեզիրէի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, որպէս խնկաբոյր աղօթք Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ՝ արցախահայութեան բարօրութեան համար, ապա նաեւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ, Արցախի նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Եկեղեցիներու օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ բարեպաշտ ժողովուրդը, միասիրտ եւ միահոգի, ի խորոց սրտի աղօթք բարձրացուց առ Բարձեալն Աստուած՝ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով Արցախի վիրաւորներուն եւ բարօրութիւն ու խաղաղութիւն՝ տագնապի մէջ գտնուող արցախահայութեան, հայցելով, որ Ամենակալին հրաշագործ ներգործութեամբ բարիքներով ողողուի արցախահայութեան եւ հայ ժողովուրդին կեանքը:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին հանդիսապետեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան, ներկայութեամբ՝ Ազգ. Վարչութեան անդամներու, ազգային մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Քարոզին մէջ Քահանայ Հայրը պարզաբանեց Վարագայ Ս. Խաչի տօնին խորհուրդը, դիտել տալով, որ Խաչին նշանը երկինքի մէջ երեւնալով ոյժ եւ կորով պարգեւեց հայ ժողովուրդին, որպէսզի յաղթահարէ տիրող դժուարութիւնները եւ յառաջիկային եկող տագնապները։
Քահանայ Հայրը յայտնեց, որ Քրիստոս մեզի կը պատուիրէ, որ խաչը առնենք եւ իրեն հետեւինք։ Այլ խօսքով, խաչի կեանքը դիւրին կեանք չէ, այլ կ՚ենթադրէ՝
Ա. արիւն թափել, այնպէս ինչպէս Քրիստոս իր արիւնը թափելով սրբագործեց խաչը։
Բ. արցունք թափել, այնպէս ինչպէս Քրիստոս լացաւ Երուսաղէմի վրայ։
Գ. Քրտինք թափել, այնպէս ինչպէս Քրիստոս տագնապելով արեան կաթիլներու նման քրտինք թափեց։

Տէր Մաշտոց նշեց, թէ քրիստոնէական կեանքը, որուն հիմնական շաղախը կը կազմէ նահատակներուն եւ մարտիրոսներուն թափած արիւնը, մեր հաւատքի ակունքը կը կազմէ, որուն վրայ հաստատուած է եկեղեցին։

Քահանայ Հայրը աղօթեց Արցախի եւ արցախահայութեան համար, հրաւիրելով բոլորը անտարբեր վիճակէն դուրս գալու, զգաստանալու, պատրաստ ըլլալու ազգովին մեր գործած մեղքերուն համար ապաշխարելու, արիւն, արցունք, քրտինք թափելու եւ խաչին զօրութեան ապաւինելով փրկութեան արժանի դառնալու։