Կիրակի, 8 Հոկտեմբեր 2023-ին, տնօրինութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին, թեմի եկեղեցիներուն մէջ Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ՝ Շուշիի պաշտպանութեան եւ Սուրիոյ պատերազմի նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։
Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին նախագահեց, իր հայրական պատգամը ժողովուրդին ուղղեց եւ Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։
Հաւատացեալ ժողովուրդին կողքին ներկայ էին Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Արժ. Տէր Կոմիտաս Ա. Քահանայ Տատաղլեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխաններ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Յարաբերական Մարմինի, Ազգ. Իշխանութեան եւ հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ ու նահատակներու ընտանեկան պարագաներ։
Սրբազան Հօր պատգամին բնաբանն էր օրուան աստուածաշնչական ընթերցուածը (Բ.Կր 13.5-13), որուն ընդմէջէն Պօղոս առաքեալ մեզ կը հրաւիրէ մեր անձերը ինքնաքննութեան ենթարկելու, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞նք։ Այստեղ ան կը խօսի անբիծ հաւատքին մասին, որ մեր սրբազան հայրերն ու մարտիրոսները ապրեցան եւ մեզի փոխանցեցին։ Առաքեալը մեզ կը հրաւիրէ նաեւ փորձելու մենքզմեզ, տեսնելու համար թէ Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞նք մեր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անունը կը կրենք։ Այլ խօսքով, ան կը պատուիրէ մեզ Քրիստոսի նման ապրիլ եւ Քրիստոսի սէրն ու ողորմութիւնը ճառագայթելով աղ ու լոյս դառնալ մեր շրջապատին։
Առաքեալը կը յիշեցնէ, թէ Աստուծոյ բացարձակ ճշմարտութեան դէմ ոչինչ կրնանք ընել, այլ միայն անոր համար աշխատիլ։ Հետեւաբար, ան կը պատուիրէ ո՛ղջ ըլլալ, կատարեալ ըլլալու ձգտիլ եւ քաջալերուիլ։ Աւելին, համերաշխութեամբ եւ խաղաղութեամբ ապրիլ մեր նմաններուն հետ, որպէսզի խաղաղութեան եւ սիրոյ Աստուածը ընդմիշտ մեզի հետ ըլլայ։
Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց Շուշիի պաշտպանութեան մարտերուն նահատակուած հալէպահայ երեք տղոց եւ բոլոր նահատակներուն համար, որոնք իրենց արիւնը թափեցին հայրենիքի պաշտպանութեան գերագոյն նպատակին համար։ Ան աղօթեց նաեւ Սուրիոյ պատերազմին եւ Հալէպի մէջ նահատակուած հայորդիներու հոգիներուն համար։ Ան յայտնեց, որ այսօր մեզմէ կը պահանջուի բարձրագոյն գիտակցութիւն ունենալ եւ աստուածային սիրով լեցուած անանձնական ծառայութիւն մատուցել, այնպէս ինչպէս Քրիստոս մարդկութեան նկատմամբ իր մաքուր սէրը ցոյց տուաւ։
Սրբազան Հայրը Աստուծոյ ողորմութիւնն ու պաշտպանութիւնը հայցեց մեր ազգին եւ հայրենիքին բարօրութեան համար։ Ան ցաւակցական խօսք ուղղեց Սուրիոյ Վսեմաշուք Նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին, Հոմսի մէջ օրեր առաջ տեղի ունեցած անմարդկային ոճիրին տխուր առիթով, մխիթարական խօսք ուղղեց նահատակներու ընտանեկան պարագաներուն եւ բարի ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն։
Սրբազան Հայրը, ժողովուրդին փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին կոչը՝ կարելի բոլոր միջոցներով Արցախի հայորդիներուն զօրավիգ կանգնելու եւ օժանդակելու։
Մակար Սրբազան իր պատգամը եզրափակեց առաքեալին խօսքով. «Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, Աստուծոյ սէրը եւ Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը ձեր բոլորին հետ ըլլան»։
Պատարագէն ետք, Սրբազան Հօր նախագահութեամբ Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ Շուշիի պաշտպանութեան եւ Սուրիոյ պատերազմի նահատակներու հոգիներուն։
Սրբազան Հայրը «Հոգւոցն Հանգուցելոց» աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած՝ նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Այնուհետեւ, ԱՄԺ Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս սրբազան հայրը, թեմի Յարաբերական Մարմինն ու նահատակներու ծնողները ցաւակցութիւններ ընդունեցին։
Տեղի ունեցաւ Շուշիի եւ Հալէպի նահատակներուն՝ Ռաֆֆի Պչաքճեանի, Յարութ Բանոյեանի, Յակոբ Ասթարճեանի եւ Մոսիկ Սեքլէմեանի նուիրուած տեսերիզի ցուցադրութիւն։ Այնուհետեւ, օրուան պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը։
Մակար Սրբազան ըսաւ․ «Այս երիտասարդները իրենց ստացած ընտանեկան, դպրոցական թէ միութենական, կուսակցական դաստիարակութեան ընդմէջէն բացուեցան ճշմարտութեան եւ ուղղուեցան դէպի նպատակակէտ։ Երբ կ՚անդրադառնաս թէ Աստուած ինչո՛ւ քեզ աշխարհ ղրկեր է եւ ի՛նչ բան կ’ակնկալուի քեզմէ, որեւէ բան չի վախցներ, չի յուսալքեր քեզ։ Ընդհակառակն․ Պօղոս առաքեալի խօսքին համաձայն՝ ծաղրելով եւ ծիծաղելով մահուան վրայ, կ՚ուղղուիս դէպի նահատակութիւն, ճիշդ այնպէս ինչպէս Վարդան Մամիկոնեան կը գօտեպնդէր իր զինուորները նախքան Աւարայրի ճակատամարտը ու կ՚ըսէր․«Մենք կ’երթանք զոհուելու, չենք երթար վերադառնալու»։
Այս իմաստով հետեւաբար կ’ըսեմ. երանի անոնց, որոնք բացայայտած են իրենց կեանքին նպատակը, որովհետեւ անոր մէջ կը գտնեն արժէքը։ Այս տղաքն ալ գացին ոչ թէ վերադառնալու յոյսով, այլ գացին որպէսզի իրենց կեանքը արժեւորուի հայրենիքի ծառայութեամբ։ Ու մենք յիշելով զիրենք կը գօտեպնդուինք։ Այսպիսի պահերու մեզմէ իւրաքանչիւրը անգամ մը եւս կը հրաւիրուի ինքնագիտակցութեան, թէ ես այսօր եթէ կ’ապրիմ եւ կը գործեմ, ի՞նչ նպատակի համար կ՚ապրիմ եւ կը գործեմ, անկախ թէ ինչ կուսակցութեան կամ կազմակերպութեան կը պատկանիմ։
Այսօր Արցախը չկայ, ոմանք Շուշին յանձնեցին․ արդեօ՞ք ի զուր գնաց նահատակներու զոհողութիւնը։ Բնականաբար ո՛չ։ Պատմութեան նուիրական արժէքներուն հետ միախառնուած այսօր անոնք կան եւ շատ աւելի կենդանի կը վկայեն։ Արդեօք մարդիկ ինչպէ՞ս կը վերաբերին իրենց զոհողութեան գնով ձեռք բերուած արժէքներուն, ատիկա տարբեր հարց։ Ապագային պիտի բացայայտուի այդ ճշմարտութիւնը, հետեւաբար եւ իւրաքանչիւրը իր հատուցումը պիտի ստանայ թէ ինչ կերպ վերաբերուեր է Աստուածային արժէքներու նկատմամբ, ատիկա ըլլայ հող, հայրենիք, ընտանիք, մշակութային, կրօնական, ազգային եւ այլ արժէքներ։ Երբ այդ ներքին քրիստոնէական հաւատքով եւ արժէքներու նկատմամբ նուիրումով կ՚ապրին, կը գործեն եւ կ՚առաջնորդուին, չեն մեռնիր։ Իրենց մարմինը ֆիզիքապէս կրնայ քայքայուիլ եւ հողի վերածուիլ, բայց անոնք յաւիտենականութեան մէջ աւելիով կը փայլին։ Մեզի կը մնայ մեր ուսերուն դրուած պարտականութիւնը՝ ազգային, միութենական թէ այլ կատարել լաւագոյն ձեւով ու պատկանելիութեան կառչածութիւնը պահպանել ամբողջական նուիրումով, անձնական շահերէ վեր համայնական շահերուն ծառայելու գիտակցութեամբ»։