«Արմէնփրէս»._ ԱՄՆ քոնկրէսի 75 անդամներ նախագահի վարչակազմին կոչ ուղղած են պատժամիջոցներ սահմանելու Ատրպէյճանին նկատմամբ, դադրեցնելու Պաքուին ԱՄՆ զինուորական օգնութիւնը, մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած բնակչութեան եւ միջազգային դիտորդներ տեղակայելու Լաչինի միջանցքին։
Քոնկրէսի անդամներու կողմէն ԱՄՆ նախագահ Պայտընին ուղղուած նամակի նախաձեռնողներն են ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի նախկին խօսնակ Նենսի Փելոսին եւ քոնկրէսական Աննա Էշուն։
Նամակին հեղինակները, կազմուած Քոնկրէսի երկու կուսակցութիւններէն, դատապարտած են Լեռնային Ղարաբաղի վրայ «չհրահրուած զինուորական յարձակումը» եւ «իննամսեայ դաժան շրջափակումը», որուն հետևանքով տեղւոյն հայ բնակչութեան «կը մնար միայն փախչիլ»։
ԱՄՆ օրէնսդիրները արձանագրած են, որ հակառակ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան սպառնացող ցեղասպանութեան մասին ահազանգերուն՝ տեղի կ’ունենայ մարդկային աղէտ, զոր կարելի էր կանխել։
Քոնկրէսականները առաջարկած են գործի դնել Ազատութեան աջակցութեան շարժումի 907 լրացումը, որ ԱՄՆ կառավարութիւնը արգիլած էր զինուորական օգնութիւն տրամադրելու Ատրպէյճանին։ Նաեւ կոչ ուղղուած է անձնական պատժամիջոցներու ենթարկել Ատրպէյճանի պաշտօնեաները՝ կիրառելով «Մակնիթսքիի օրէնքը»։
Բացի անկէ, նամակի հեղինակները առաջարկած են մարդկային օգնութիւն տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած բնակչութեան եւ միջազգային հանրութեան կոչ ուղղել՝ ներգրաւուելու այդ գործին մէջ։
Քոնկրէսականները նաեւ անհրաժեշտ կը համարեն միջոցներու ձեռնարկել՝ ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգ տարհանումը դէպի Հայաստան՝ Լաչինի միջանցքէն միջազգային դիտորդներու տեղակայումով։ Ըստ նամակի հեղինակներուն, անհրաժեշտ է նաեւ ուղիղ շփումներ ունենալ Ատրպէյճանին հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն համաներում ապահովելու նպատակով։