Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հրապարակած է 19 Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի վրայ յարձակումին հետեւանքով իր կրած կորուստներուն թարմացած ցանկը, որուն մէջ ներառուած է 203 անուն։
Անոնցմէ 12-ը Ատրպէյճանի Ներքին Գործոց Նախարարութեան աշխատակիցներ են, 191-ը՝ Պաշտպանութեան Նախարարութեան զինուորական ծառայողներ։