Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց քաղաքավարական այցելութիւնը Հ.Հ. Մարդասիրական Առաքելութեան խումբի հրամանատար գնդապետ Արկադի Տօնոյեանին եւ Հ.Հ. Մարդասիրական Առաքելութեան 13-րդ խումբի հրամանատար փոխ-գնդապետ Կարէն Թադէոսեանին։

Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Հալէպ ժամանած 13-րդ խումբին եւ անոր հրամանատարին, աստուածային օրհնութեան եւ պաշտպանութեան ներքոյ յաջող եւ անփորձանք ծառայութիւն մաղթեց անոնց սուրիական հայրենիքէն ներս եւ աղօթեց, որ Աստուած իր հովանիին տակ պահէ ու պահպանէ ականազերծման ծիրէն ներս ծառայող եւ բժշկական ծառայութիւն մատուցող հայ զինուորներուն։

13-րդ խումբի հրամանատարը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր՝ իր ջերմ ընդունելութեան եւ քաջալերանքին համար եւ Սրբազան Հօր աղօթքը խնդրեց՝ 13-րդ խումբի ականազերծման աշխատանքներուն յաջողութեան համար։