Կիրակի, 29 Հոկտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ։
Օրուան պատարագիչն էր Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան։
Օրուան խորհուրդը հաւատացեալներուն ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, պարզաբանելով Ս. Խաչի գիւտի տօնին իմաստը, բնաբան ունենալով Պօղոս առաքեալի Կորնթացիներուն գրած Ա. նամակին առաջին գլխուն 18-25 համարները։
Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար խաչի մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի, մինչ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար Տիրոջ խաչափայտը Աստուծոյ զօրութիւնն է։ Այլ խօսքով, անոնք որոնք աշխարհիկ չափանիշերով կ՚առաջնորդուին՝ չեն կրնար ըմբռնել աստուածային ճշմարտութիւնները, որովհետեւ զուրկ են երկնային եւ բարոյական սկզբունքներէն։ «Քրիստոս աշխարհ եկաւ եսապաշտ եւ անձնակեդրոն վիճակէն դուրս բերելու մեզի, որպէսզի մեր նմաններուն հետ յարգանքով եւ արդարութեամբ ապրինք», աւելցուց ան։
Անդրադառնալով ծառայութեան ոգիին, սրբազան հայրը մաղթեց, որ ծառայական սիրոյ ոգին բոցավառի մեր մէջ, որպէսզի Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, Խաչէն ճառագայթող սիրով լեցուած ծառայենք Աստուծոյ, մեր ազգին եւ հայրենիքին։
Պատարագէն ետք, Սրբազան Հօր նախագահութեամբ Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն, ներկայութեամբ՝ Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան տիար Ժիրայր Րէիսեանի եւ համազգայնականներու։
Սրբազան Հայրը «Հոգւոցն Հանգուցելոց» աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած՝ Համազգայինի հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Աւարտին, եկեղեցւոյ «Նիկոլ Աղբալեան» սրահէն ներս հոգեսուրճ կատարուեցաւ, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան եւ համազգայնականներու ներկայութեամբ, ուր Շրջ. Վարչութեան ատենապետ տիար Ռաֆֆի Սիւլահեան խօսք արտասանեց, որմէ ետք Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը։
Ան իր խոնարհութիւնը յայտնեց բոլոր ննջեցեալ ծառայողներուն առջեւ, ապա մէջբերեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ծառայութեան մասին ըսած խօսքը. «Մեր մեծութիւնը, պատիւը եւ փառքը՝ մեր ընձեռած ծառայութեան մէջ է»։ Ուստի, ան հրաւիրեց ներկաները գիտակից կերպով ծառայելու, օրինակ քաղելով մեր նախնիներէն, որպէսզի ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց կարողանանք մեր ուսերուն դրուած պարտականութիւնը լաւագոյնս ի կատար ածել։