Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Իմարաթ խստիւ կը դատապարտէ Հոմսի ռազմական համալսարանին վրայ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումը։ Էմիրութիւնները խորին ցաւակցութիւններ յայտնեց Սուրիոյ կառավարութեան, ժողովուրդին եւ նահատակներու ընտանիքներուն, մաղթելով վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինում։