Սուրիոյ Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ յայտարարեց, որ Սուրիոյ Հանրապետութեան մէջ յայտարարուած եռօրեայ սուգին ընթացքին հանրային հանդիսութիւնները, խնճոյքները եւ գեղարուեստական ծրագիրները չեղեալ պիտի համարուին։
Յիշենք, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը եռօրեայ սուգ յայտարարեց Սուրիոյ Հանրապետութեան մէջ Հոմսի ռազմական համալսարալէն ներս սպայ շրջանաւարտներու հանդէսին ընթացքին ահաբեկչական յարձակումին հետեւանքով զոհուած նահատակներուն հոգւոյն։