Ի՞ՆՉ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԷ 2024-Ի ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆԸ

Ոճաբաններ դիտել կու տան, որ ժամանակի հետ քայլ պահելու առաջին նախապայմաններէն մէկը նորաձեւութեան հետեւիլն է, պէտք է նկատի առնենք նաեւ,  թէ մեզի ի՞նչ կը յարմարի:
Ժամանակին եթէ փայլուն կտորներով,  փուլերով, թելերով պատրաստուած, արծաթագոյն կամ ոսկեգոյն կտորներ կը յարմարէին տօնական հագուստներուն եւ զանոնք կը հագնէինք միայն տօնական օրերուն, ներկայիս ճինզերու հետ ալ կրնաք համադրել զանոնք:
Փափուկ փետուրներ նախընտրելի է հագուստներու փէշերուն եւ թեւերուն վրայ տեղադրել: Անցեալին կը թելադրուէր ոսկեգոյնը կամ արծաթագոյն հագուստը առանձին-առանձին կրել, բայց ներկայիս կը խառնեն զանոնք նոյն հագուստին մէջ, այնպէս ինչպէս՝ սովորական գոյները:
Այս տարուան նորոյթ գոյնն է viva magenta-ն, այսինքն՝ կարմիրին երանգները: Այս գոյնը ուժ եւ եռանդ փոխանցող, ուժի նոր ազդանշան տուող, խիզախ եւ անվախ, թրթռացող գոյն է, որ կայտառութիւն, ուրախ եւ լաւատեսական տրամադրութիւն կը յառաջացնէ: Ան պորտոյի եւ մանիշակագոյնի խառնուրդ է, կարմիր երանգներով, շատ գրաւիչ եւ իւրայատուկ է:
2023-2024 աշուն-ձմեռ նորաձեւութեան հիմնական ընտրութիւններն են՝
-Կանանց կաշի հագուստներ. պարտադիր բաղադրիչն է այս եղանակին, իր մատիտանման կտրուածքով, որ շատ գրաւիչ եւ շքեղ ու արտասովոր կեցուածք մը կը ներկայացնէ:
– Երկար կանացի փէշերը, մանաւանդ կարմիր կիսաշրջազգեստները, որոնք առանձնայատուկ տեսք կ’ունենան իրենց շքեղ երկարութեամբ:
-Կարճ փէշերը. եթէ երկար փէշը ձեր սրտին մօտիկ չէ, կրնաք ընտրել հակառակը՝ ուղիղ կտրուածքով կարճ կիսաշրջազգեստները: Այս մէկը կը կեդրոնանայ սլացիկ ոտքերու վրայ եւ ոճային գոյն ունի աշուն-ձմեռ եղանակին համար:
-Աշուն-ձմեռ կանացի նորաձեւութեան մաս կը կազմեն մետաղեայ հիւսուածքները՝ տպաւորիչ փայլքով: Այսպիսի կերպասներով կիսաշրջազգեստը շատ հմայիչ եւ ազդեցիկ տեսք կու տայ կնոջ:
Երբ ցուրտ եղանակը մօտենայ ոճաբանները զանց չեն առներ իրենց շատ սիրելի ճինզ կիսաշրջազգեստները՝անոր հետ օգտագործելով տաք բուրդէ գազակներ, կամ համադրելով զայն կաշիին հետ:
Այս եղանակին, դասական մատիտի ձեւով կտրուածք ունեցող փէշերը չեն կորսնցուցած իրենց արդիականութիւնը: Այսպիսի փէշերը կը վայելեն սլացիկ կազմուածք ունեցող կանանց:
Այս տարուան պայուսակները փափուկ, փայլուն, ասեղնագործ կտորներով պատրաստուած կամ շատ փոքր կամ շատ մեծ են: Նախընտրելի է ամէն օր սովորական պայուսակներ կրել, սակայն եթէ ուզենք նորաձեւութեան հետեւիլ, այս երկու ծայրայեղ ոճի պայուսակներէն մէկը կրնանք կրել:
Իսկ կօշիկները կրկին շատ կոշտ, քառակուսի քիթերով կամ ընդհակառակը շատ երկար քիթերով են:
Երբ այս երկու ծայրահեղութիւններ նորաձեւութեան մէջ մուտք կը գործեն 1 կամ 2 տարի կը տեւէ անոնց կեանքը:
Հետեւաբար ընտրեցէ՛ք ձեր սիրած ձեւերը, ձեր մարմինին համապատասխան եղողները, որպէսզի թէ  նորաձեւութեան հետեւած ըլլաք եւ թէ հմայիչ տեսք ունենաք:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան