Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան NEWS.am-ին փոխանցած իր տեղեկութեամբ հաստատեց, որ 27 Սեպտեմբերին ատրպէյճանցիներու կողմէն ապօրինի ձերբակալուած Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի տեղակալ, զօրավար Դաւիթ Մանուկեան 2 օր առաջ ընտանիքի անդամներուն հետ հեռաձայնով կարճատեւ զրոյց ունեցած է։

Մենք տեղեկացանք, որ հարազատներու հետ կապ հաստատած են նաեւ Արցախի նախկին նախագահները, զօրավար Լեւոն Մնացականեանը եւ Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը։

Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանցի սահմանապահները ձերբակալած, ապա կալանաւորած են Արցախի նախկին պետական նախարար, բարերար Ռուբէն Վարդանեանը, Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, Պաշտպանութեան Բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանն ու Պաշտպանութեան Բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը, Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը։ 30 Սեպտեմբերին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնեցին, որ Ատրպէյճանի մէջ կալանաւորուած է նաեւ Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան։

Նշենք, որ Պաքուի մէջ կալանաւորուած նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն շարք մը ապօրինի մեղադրանքներ ներկայացուած են։ Անոնք բոլորն ալ կալանաւորուած են չորս ամիսով։