(Ձօն՝ ա՛յն սրբազան յարկին՝ Դպրեվանքին, ուր հասակ
առի թէ՛ մտապէս, թէ՛ հոգեպէս եւ թէ՛ ֆիզիքապէս)
Աստուածային պարգեւ աննման,
Ուր ամէն հայ կը զգայ ինչպէս իր տան:
Բաբախող սիրտն ես Կիլիլիկիոյ Ս. Աթոռին,
Ուր կը պատրաստուին սերունդներ թանկագին:
Գորովազեղ մայր ես դուն,
Մեր կողքին ես ցերեկ թէ իրիկուն:
Դուռն ես Երկինքի Արքայութեան,
Յաճախողիդ ցոյց կու տաս ճամբան:
Եղար փարոսն ու լոյսը հայութեան,
Միջոցն ու ճանապարհը հանգստութեան:
Զարթօնք պարգեւեցիր ժողովուրդիդ,
Աստուծոյ մօտենալու յարմար առիթ:
Էմմանուէլը պատգամեցիր հայութեան,
Որ է ուղին ու ճամբան փրկութեան:
Ընդունեցիր սերունդներ բազմաթիւ,
Որոնք փրկեցին հայեր անթիւ:
Թուրն ու վահանն ես հայուն,
Ամրոց ու ապաստան մնայուն:
Ժամանակաւորները կապեցիր Անժամանակին,
Տալով անոնց Աստուծոյ հետ միացնող բանալին:
Իսկապէս յաւէտ փառք քեզի,
Զի առաջնորդեցիր մեզի:
Լուսաւոր օճախ Զարեհեան,
Ոսկիի վսեմ ձուլարան:
Խապայեան Հայրիկը քեզ վերակենդանացուց,
Հայ ազգին անզուգական ապաւէն դարձուց:
Ծառայելու առաքինութիւնը տուիր զաւակներուդ,
Որք զայն հասցուցին բոլոր գաղութներուդ:
Կարեցիր ոսկեայ թելերով կերպասներ,
Որք ծածկեցին հոգեր ու դժուարութիւններ:
Հայելիդ դարձուցիր ծառայութիւնը,
Որուն միջոցաւ հայը ապրեցաւ ուրախութիւնը:
Ձիրքդ է՝ անտարակոյս, դպրեվանեցի կերտել,
Յղկուած, տաշուած զայն ժողովուրդին նուիրել:
Ղօղանջեցիր անվե՛րջ սպասարկութիւն,
Տարածելով սէր ու միուութիւն:
Ճարտարապետդ է Երկնաւոր Արքան,
Իննիսուն ամեակներ քեզ դարձուց բնակարան:
Մեսրոպեան տառերով գրեցիր Տիրոջ մասին,
Պարթեւեան ոգիով քարոզեցիր հայ ազգին:
Յիսուս Քրիստոսը ճանչցուցիր,
Հաւատքն ու յոյսը ամրապնդեցիր:
Նորին Սրբութեան1 հովանաւորութեամբ,
Լեցուեցար ժողովուրդին ծառայելու փորձառութեամբ:
Շանթահարեցիր չար Սատանան,
Պարգեւեցիր տիպա՛ր քահանան:
Ողջ հայութեան տունն ես դուն,
Ո՜վ Դպրեվանք, իմ սիրուն:
Չարը քեզմէ կը վախնայ,
Բարին քեզմով կը գոհանայ:
Պարծանք Սփիւռքի հայութեան,
Գլխագիրը արտադրող ուսումնարան:
Ջուրդ անդադար կը հոսի,
Աղբիւրդ քրիստոնէութեամբ կը յորդի:
Ռահվիրաներու շարքեր անվերջ,
Վառող կրակ՝ ջահ մը անշէջ:
Սփիւռքէն խաւարը հեռացուցիր,
Տալով անոր արթո՛ւն ջահակիր:
Վերելքի վսեմ համալսարան,
Մարդ արտադրելու հիանալի ճեմարան:
Տիրադաւան մանկունք պատրաստեցիր,
Աստուածապատկան զաւակներ նուիրեցիր:
Րամերուն թռչիլ սորվեցուցիր,
Երամներուն կազմակերպ դարձուցիր:
Ցաւած հայութիւնը միացուցիր,
Ազգին ու եկեղեցիին կապեցիր:
Ւ2
Փայլուն աստղ ծնունդի,
Երկինքին մէջ շողացող նազելի:
Քրիստոսազարդ կենցաղը ուսուցիր,
Աստուածամարդը մեր մէջ ապրեցուցիր:
Օտարութեան մէջ եղար նոր Հայաստան,
Պանդխտութեան մէջ նոր հանգստարան:
Ֆիզիքականը բոլորովին մոռցուցիր,
Հոգեւորը չափազանց զօրացուցիր:
—
1- Այստեղ կ’ակնարկուի Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափայլ Հայրապետին:
2- Աշխարհաբարի մէջ չկայ Ւ տառով սկսող բառ մը:
Առաքել Աբղ. Գատեհճեան
Երկուշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2023
Անթիլիաս, Լիբանան
Երկուշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2023
Անթիլիաս, Լիբանան