Այսօր տօնն է այն սուրբերուն, այն բազմերախտ հոգեւորականներուն, որոնք իրենց ծառայութեամբ, անշահախնդիր գիտակցութեամբ եւ ամբողջական ճիգերով, իրենց անձերը ի սպաս դրին Հա՛յ ժողովուրդին: Անոնք բարձրացան անդունդն ի վեր, խնկաբոյր աղօթքներ վերառաքեցին առ Աստուած, իմաստութիւն եւ զօրութիւն խնդրեցին, ստեղծելու Հայոց Այբուբենը: Բնականաբար դիւրին գործ մը չէր ատիկա, այլ՝ ճիգ, հետեւողական աշխատանք եւ ամէնէն կարեւորը՝ ջերմեռանդ Աղօթք կ’ենթադրէր: Անոնք, հակառակ տիրող կացութեան եւ դժուարութիւններուն, կրցան իրենց լաւագոյնը ի գործ դնել, պահպանելու համար Հայկական Ինքնութիւնը:

Քաղաքակրթուած աշխարհի մէջ, լեզուն է ազգի մը գոյատեւման երաշխիքը: Բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք մեր դարաւոր անցեալին. ստրկութեան եւ բռնատիրութեան տակ ապրած եւ գոյատեւած ենք: Դարեր շարունակ, զանազան վայրագ ազգեր տիրապետած, աւերած ու քանդած են մեր հայրենիքը, սակայն չեն կրցած ջնջել մեր Լեզուն ու Կրօնքը: Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետները մեզի կտակեցին հայ ժողովուրդի ինքնութեան եւ գոյատեւման ամէնէն ազդու ու հզօր զէնքերէն մէկը՝ Հայոց Այբուբենը։ Ինքնութիւն կը նշանակէ ուրիշէն տարբեր ըլլալ՝ ինքզինք ըլլալ, արմատներուն վերադառնալ: Այո՛, այս է ինքնութիւնը, եւ մենք, այսօր, բոլորս ալ պարտաւոր ենք ոչ թէ խօսքով կամ լոզունքներով, այլեւ՝ գործուն մասնակցութեամբ վերադառնալ մեր հիմքերուն, կառչիլ մեր ազգային բարքերուն, աւանդութիւններուն եւ լեզուին:

Հայ Եկեղեցին ամէն տարի Հոկտեմբեր ամսուն կը տօնէ Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնը: Թէեւ իրբեւ եկեղեցական տօն սկսաւ թարգմանչաց ոգեկոչումը, սակայն ժամանակի ընթացքին ժողովրդային այնքան լայն ընդունելութիւն գտաւ եւ հայ ժողովուրդին հոգեհարազատ աւանդը ըլլալու  դիրքը նուաճեց այն աստիճան, որ նաեւ ազգային ժողովրդային տօն դարձաւ՝ արժանաւորապէս խորհրդանշելով հայ մշակոյթի եւ դպրութեան օրը: Թարգմանչաց տօնը եղաւ մեր ժողովուրդը կենդանի ու առողջ պահող ու մշակութային մեր արժէքները դէպի յաւերժութիւն առաջնորդող լուսաւոր ուղին:

Երբ 21-րդ դարու հեռաւորութենէն կը նայինք ու արժեւորման լուսարձակին տակ կ’առնենք Հայոց Թարգմանչաց շարժումը, առաջին հերթին կը տեսնենք հայ ժողովուրդին անշեղ եւ ուղղափառ հաւատքը՝ թարգմանիչներուն նկատմամբ եւ մարմաջը՝  զանոնք սրբացնելու համար:

Երբ  թարգմանիչներ կ’ըսենք, պէտք չէ սովորական անձեր նկատել զանոնք: Թարգմանչաց շարժումը շատ ու շատ աւելին էր այդ բոլորէն: Ան հանդիսացաւ հայ գիրերու գիւտը մշակութային առումով կենսագործելու մեծ երկունք մը:

Թարգմանիչները մեր ազգին համայն զաւակներուն ապահովեցին ամբողջ ժողովուրդի մը յաւերժութիւնը, եւ նոյն այդ ժողովուրդը սկսաւ իր Աստուծոյն հետ իր մայրենի լեզուով խօսիլ եւ աղօթել: Հայոց լեզուին տառերը որոնելէ եւ արարելէ ետք, անոնց առաջին գործը եղաւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը՝ հայերէնի: Դժուարութիւններով ու տագնապներով լեցուն օրերէ ետք, երեւան եկաւ Աստուածաշունչը՝ հայերէն լեզուով: Աստուածաշունչը, որ գրուած է Աստուծոյ շունչով, կը ներկայացնէ մեր կեանքի եւ հաւատքի ապրելակերպը: Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, Իր երկրաւոր առաքելութեան եռամեայ շրջանին, միշտ քարոզեց Աստուածաշունչէն, պատգամեց աւետարանէն, նոյնն ալ ըրին առաքեալները:

Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր աշակերտ-թարգմանիչները միայն թարգմանութիւններ չըրին, այլ դպրոցներ հիմնեցին ու իբրեւ ուսուցիչներ` հայու նոր ոգի եւ շունչ փոխանցեցին իրենց աշակերտներուն:

Եւ այսօր մենք, որպէս սուրբ աւազանէն ելած քրիստոնեաներ, իւրաքանչիւրիս ճիտին պարտքն է քարոզել, խօսիլ եւ տարածել Աստուածաշունչը, ինչպէս նաեւ գրել հայերէն տառերով:

Սիրելի՛ Աշակերտներ՝

Դո՛ւք էք մեր ապագայ սերունդը:

Դո՛ւք էք հայ լեզուի իւրաքանչիւր տառը:

Դո՛ւք էք մեր մշակոյթը, լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը պահողը:

Օտարը կու գայ եւ կը փորձէ զայն սպաննել, ոչնչացնել, սակայն դուք եւ մենք ենք, որ զանիկա պիտի անմահացնենք: Բոլորս, հոգեւորակններէն սկսեալ մինչեւ մանկապարտէզի փոքրիկները: Երբե՛ք չըսէք, թէ Հայերէն լեզուի կարիքը չկայ: Ո՛չ: Կարիքը կայ եւ պիտի ըլլայ: Վայ եկեր է մեզի, եթէ մենք ուրանանք մեր մշակոյթը եւ մանաւանդ մեր լեզուն: Լեզուն ուրացողը կը դառնայ մշակութասպան, որ սովորական սպանութենէ աւելի վատ բան մըն է:

Հետեւաբար, սիրելի՛ աշակերտներ, դարձէ՛ք հմուտ հայ լեզուի կիրարկման մէջ, ռահվիրաներ հայ մշակոյթի եւ պահապաններ հայ ազգի: Բոլորիս պարտաւորութիւնն է առաւել եւս թափ տալ եւ գուրգուրանք ցուցաբերել Հայ լեզուին, Հայ լեզուն նկատել ինքնութեան էական ու կենսական յատկանիշը, որ  մեզ կը փրկէ օտար ազդեցութիւններու եւ ձուլումի վտանգէն: Մեր պարտաւորութիւնն է ոչ միայն վառ պահել, այլ նաեւ բարգաւաճ դարձնել մեր մշակոյթը, մենք ալ մեր կարգին դառնալով մտաւորականներ, մշակոյթի  գործիչներ   ու  գրական  մշակներ: Յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Արմէն Աբղ.