ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ՈՐՔԱՆ ՄԱՐԴ Կ’ՕԳՏՈՒԻ ԲՋԻՋԱՅԻՆԻ ԿԱՊԷՆ

GSMA-ը (Բջիջայինի յատուկ համաշխարհային կազմակերպութիւն)  հրապարակած է բջիջային առցանց կապի մասին 2023-ի զեկոյցը։ Փաստաթուղթին համաձայն՝ աշխարհի տարածքին խելացի հեռաձայն (սմարթֆոն) ունի 4,3 միլիառ մարդ, որ կը կազմէ մոլորակի ընդհանուր բնակչութեան 55%-ը: Բջիջային առցանց կապէն օգտուողներուն թիւը կը կազմէ 4,6 միլիառ մարդ, որուն 4 միլիառը համացանց կը մտնէ խելացի հեռաձայններու միջոցով։
GSMA-ի զեկոյցին մէջ կը յիշուի, որ հիւսիսային Ամերիկայի եւ Արեւելեան Ասիոյ խեթացի հեռաձայններու սեփականատէրերու 69%-ը ունի 4G կապին միացած սարքեր, մինչդեռ Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի օգտատէրերու մեծ մասը կը շարունակէ օգտագործել 3G ցանց:
Շարժական համացանցը տակաւին աշխուժօրէն կը տարածուի, սակայն շուրջ 3,4 միլիառ մարդ տակաւին հասանելիութիւն չունի կապի այս տեսակին։ Աշխարհի բնակչութեան 38%-ը կ’ապրի այն տարածաշրջաններուն մէջ, ուր առկայ է բջիջային համացանց, սակայն չ’օգտուիր ատկէ։ Սահարայէ հարաւ գտնուող Ափրիկէի բնակչութեան 59%-ը եւ հարաւային Ասիոյ բնակչութեան 52%-ը համացանցի հասանելիութիւն չունի:
Զեկոյցին մէջ կը յիշուի նաեւ, որ սովորական բջիջային հեռաձայններուն՝ ոչ խելացի հեռաձայններուն միջոցով համացանցէն կ’օգտուի 600 միլիոն մարդ, կամ աշխարհի բնակչութեան շուրջ 8%-ը։ Բջիջային հեռաձայններէն օգտուողներուն թիւի ընդլայնման խոչընդոտները կը ներառեն անբաւարար թուային հմտութիւններ, անգրագիտութեան, անվտանգութեան հարցեր եւ համապատասխան բովանդակութեան առկայութիւնը:
Կապի բացակայութիւնը միլիառաւոր մարդիկ կը զրկէ կենսական ծառայութիւններէն օգտուելու կարելիութենէն՝ սրելով յատկապէս աղքատ եւ անուս բնակչութեան արդէն իսկ ծանր վիճակը:

ԴԷՄՔԻ ԽՆԱՄՔ

Տեւաբար լաւ տեսք ունենալու համար անհրաժեշտ է ոչ միայն ճիշդ ձեւով օգտագործել դիմայարդարման միջոցները, այլեւ հարկ է լաւապէս վերացնել զանոնք դէմքէն ու մաշկը մաքրել:
Երբեք մի՛ յետաձգէք դիմայարդարումը մաքրելու ամէնօրեայ աշխատանքը:
Դէմքը օճառով եւ ջուրով մի՛ մաքրէք: Փոխարէնը օգտագործեցէ՛ք դէմքը մաքրելու համար նախատեսուած յատուկ միջոցներ: Ջուրին մէջ առկայ խառնուրդները, ինչպէս նաեւ օճառի բաղադրութեան մէջ մտնող քիմիական նիւթերը դէմքի քսուկներուն, փոշիին եւ աղտին հետ փոխազդեցութեան մէջ մտնելով՝ կ’առաջացնեն չլուծուող նիւթեր, որոնք կը փակեն մաշկին ծակտիկները, չեն թողուր, որ մաշկը շնչէ, յառաջացնելով բորբոքում կամ գրգռուածութիւն:
Այս վնասակար յատկութիւններէն զերծ կը մնան դէմքի մաքրման համար նախատեսուող հեղուկները: