Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան վարչութեան ներկայացուցիչներուն։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, Ուսանողական Միութեան վարչութեան անդամները հրաւիրեցին սրբազան հայրը հովանաւորելու եւ բացման արարողութիւնը կատարելու Հալէպի պետական համալսարանէն ներս աւանդաբար տեղի ունենալիք Հայկական Մշակութային Շաբթուան։

Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ, քաջալերեց եւ գնահատեց Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան երիտասարդները՝ հայկական մշակոյթը վառ պահելու եւ տեղացի ժողովուրդին ծանօթացնելու իրենց ներդրումին համար։