ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայ դատի յանձնախումբերու մարտավարական առաջնահերթութիւններու վերանայման եւ ընթացիկ աշխատանքներու քննարկման նպատակով 14-15 հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ կատարուած է Հայ դատի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ յանձնախումբերու խորհրդաժողով: Խորհրդաժողովը հիւրընկալած էր Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբը:

Խորհրդաժողովի բացման խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը կարեւոր նկատած է ստեղծուած աղէտալի իրավիճակին մէջ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար պայքարը նոր ուժով եւ նոր շեշտաւորումներով շարունակելու կարեւորութիւնը եւ այն վիթխարի պատասխանատուութիւնը, որ Հայ դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները կը կրեն: Տէր Խաչատուրեան նկատած է, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ յուսահատութիւնը կրնայ առաջնորդել նոր աղէտներու, ուստի համազգային մակարդակի վրայ ընկճուածութեան յաղթահարումն ու պայքարի ուժգնացումը այլընտրանք չունին, եւ որ այս խորհրդաժողովը պատշաճ հարթակ է սպառնացող մարտահրաւէրները քննարկելու եւ Հայաստանի ու Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան շուրջ անհրաժեշտ առաջնահերթութիւնները ճշգրտելու ուղղութեամբ:

Խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկուած է Հայ դատի քաղաքական առաջնահերթութիւններու մարտավարական վերանայման եւ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններու վերայստակացման ուղղուած օրակարգային հարցերու լայն շրջանակ:

Խորհրդաժողովը մեծ կարեւորութեամբ շեշտած է Արցախի ժողովուրդի բռնի տեղահանման հետեւանքով ստեղծուած ազգային ճգնաժամը դիմակայելու հրամայականը: Քննարկուած են Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն համար արժանապատիւ կեցութեան եւ կենցաղի պայմաններու ստեղծման միջազգայնօրէն օժանդակելու հակաճգնաժամային խնդիրները: Ապա քննարկուած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան պետականութեան հիմնական սիւներու պահպանութեան եւ հետագայ աշխատանքներուն վերաբերեալ հարցերը: Առանձին ուշադրութիւն դարձուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան պաշտպանութեան, ազրպէյճանական հաւանական ռազմական նախայարձակումի կանխման ուղղուած աշխատանքներուն, ներառեալ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրարկման անհրաժեշտութիւնն ու այդ ուղղութեամբ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքները: Հայ անկախ պետականութեան համար անհրաժեշտ արտաքին օժանդակութիւն ապահովելը եւ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան միջազգային քաղաքական եւ իրաւական պատասխանատուութեան ենթարկելը պիտի շարունակեն մնալ Հայ դատի յանձնախումբերու գործունէութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններէն:

Ժողովականները հաստատած են, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն շարք մը դիրքորոշումները յաճախ կ՛օգտագործուին ատրպէյճանաթրքական պետական շրջանակներու եւ լոպիիստներու կողմէ` Հայ դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու աշխատանքներուն հակազդելու համար: Անոնք կ՛օգտագործուին նաեւ իրենց հակահայ հայեացքներով յայտնի օտարազգի քաղաքական գործիչներուն կողմէ:

Խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկուած են նաեւ ատրպէյճանաթրքական լոպիիստական կառոյցներու աշխատանքներուն հակազդելու, ինչպէս նաեւ Հայ դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու կարողականութեան շարունակական ընդլայնման եւ երիտասարդութեան ներգրաւման համայնքային աշխատանքներուն ուղղուած նախաձեռնութիւններ եւ ծրագիրներ: