Խորհրդարանի երէկուան նիստի ընթացքին տեղի ունեցան խորհրդարանի դիւանի եւ յանձնախումբերու ընտրութիւններ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի վերընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ, ինչպէս նաեւ գաղթականներու յանձնախումբի նախագահ եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի զեկուցաբեր:
Յ. Թերզեան` ԽորհրդարանականԶոյգ Յանձնախումբերու Անդամ
Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան իր կարգին վերընտրուեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորումի յանձնախումբերու անդամ: