Թարգմանչաց վարդապետաց տօնը կրկնակի ցնծութեան օր է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար, որովհետեւ կը յիշատակենք թէ՛ մեր հոգեւոր ու ազգային ինքնութիւնը աւելի ամրացնող սերունդին աւանդը եւ թէ կը վերանորոգենք թարգմանչաց ուխտը՝ Դպրեվանքին կրթական-ուսումնական տարեշրջանի մեկնարկին ճամբով։
Առ այդ, նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 15 Հոկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանը։ Հուսկ, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Դպրեվանքի սաներուն մասնակցութեամբ եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ, գեղարուեստական յայտագիրով մը տեղի ունեցաւ Դպրեվանքին 2023-2024 կրթական-ուսումնական վերամուտին պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը յղեց իր Հայրապետական պատգամը։
Իր պատգամին մէջ Հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց ի տես Դպրեվանքին կրթական-ուսումնական նոր տարեշրջանի մեկնարկին՝ անգամ մը եւս շեշտելով, որ Դպրեվանքը իր էութեամբ ու կոչումով առաքելութիւն է, որ իր հարկին տակ կը կոփէ Աստուծոյ եւ ազգին ծառայողները՝ հոգեմտաւոր արժէքներով թրծուած։
Խօսելով թարգմանչաց վարդապետաց տօնի մասին, Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ թարգմանիչ սերունդը Աստուծոյ ներկայութի՛ւնը թարգմանեց մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ՝ հայացնելով մեր հաւատքը։ Աւելին, թարգմանիչ վարդապետները իրենց իրագործումներով մեզի պարգեւեցին պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց կանգուն մնալու ոյժը՝ իբրեւ ազգային ու հոգեւոր արժէքներով շաղախուած ազգ։ Այսօր, անոնք ընդհանրապէս մեր եւ յատկապէս Դպրեվանքի կեանքին մէջ պէտք է դառնան մեր կեանքի ճամբան լուսաւորող ուղենիշեր, նշեց Հայրապետը։
Կամրջելով անցեալը ներկային, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց թարգմանչաց սերունդին տեսլականին շարունակականութիւնը ապահովող սերունդի մը պատրաստութեան հրամայականը։ Վկայակոչելով իր Դպրեվանքի առաջին վերամուտին հանդիսութեան ընթացքին երջանկայիշատակ Տ.Տ. Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին արտասանած պատգամը, ուր շեշտադրած էր առողջ նկարագիրի կերտման հրամայականը, Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդգծեց, որ ուսումն ու վկայականը անիմաստ կը դառնան, երբ մարդուն մէջ կը պակսի վեհ նկարագիրը, իսկ Դպրեվանքի հիմնական առաքելութիւնն է մարդուն մէջ նկարագի՛ր կերտել՝ շաղախուած Աստուծոյ, եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ազգին ծառայելու պատրաստակամ ոգիով։
Աւարտին, Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց տեսուչ հայր սուրբին, տեսչական եւ ուսուցչական կազմերուն, Դպրեվանքի բարերարներուն ու բարեկամներուն, որոնց անմիջական հսկողութեամբ ու աջակցութեամբ, Դպրեվանքը կը շարունակէ իրագործել իրեն վստահուած սրբազան առաքելութիւնն ու կոչումը։ Այս առիթով Հայրապետը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ Իր երկնային բարիքներով, շնորհքներով եւ օրհնութեամբ լեցնէ Դպրեվանքին կեանքը։
Դպրեվանքի 2023-2024 տարեմուտի բացման հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» օրհներգի ու Դպրեվանքի քայլերգի միաբերան երգեցողութեամբ։