Կազզայի դէմ իսրայէլեան գրոհը կը շարունակուի 15-րդ օրն ըլլալով։ Նահատակներուն թիւը հասաւ 4385-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 13561-ի։

Պաղեստինեան Ազգային Դիմադրութիւնը յայտարարեց, որ Իսրայէլ կը շարունակէ հրթիռակոծել Կազզայի բնակարանները, հիւանդանոցները, դպրոցներն ու փուռերը եւ ժողովուրդէն կ՚անջատէ ջուրը, ելեկտրականութիւնն ու դեղերը։

Դիմադրութիւնը կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան՝ վերջ տալու իսրայէլեան գրոհին եւ Կազզա հասցնող բոլոր միջանցքները բանալու, որպէսզի մարդասիրական օգնութիւնները հասնին շրջափակուած քաղաքացիներուն եւ աւելի քան 2 միլիոն պաղեստինցիներ փրկուին։