ԱՌՑԱՆՑ ՃԱՐՏԱՐԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

WHATSAPP-Ը ԱՅՍՈՒՀԵՏԵՒ ՄԷԿ ԳՈՐԾԻՔԻ ՄԷՋ Կ’ՈՒՆԵՆԱՅ ԵՐԿՈՒ ՀԱՇԻՒ

WhatsApp մէսէնճըրը աւելցուցած է գործառոյթ մը, որ օգտատիրոջ առիթ կու տայ երկու հաշիւ ունենալ մէկ գործիքի մէջ։ Այս թարմացումին մասին ընկերութիւնը յայտնած է իր պլոկին մէջ։
«Այժմ դուք կրնաք միաժամանակ օգտագործել երկու WhatsApp հաշիւ, օրինակ՝ անձնական եւ աշխատանքային: Ասիկա կը նշանակէ, որ դուք այլեւս ստիպուած չէք ըլլար դուրս ելլել իւրաքանչիւր անգամ, երբ ձեր հաշիւը կը փոխուի», կ’ըսուի WhatsApp-ի պլոկին մէջ:
Երկրորդ հաշիւ ստեղծելու համար դուք պէտք է ունենաք բջիջայինի լրացուցիչ թիւ եւ SIM քարտ: WhatsApp-ը յայտնած է, որ գաղտնիութեան եւ ծանուցման կարգաւորումները կարելի է անհատապէս կազմել իւրաքանչիւր հաշիւի համար:
WhatsApp-ը պարբերաբար կը հաղորդէ մէսէնճըրի թարմացումները:

X ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՑԱՆՑԸ ՄՏԱԴԻՐ Է ՅԱՌԱՋԻԿԱՅԻՆ ՎՃԱՐՈՎԻ ԲԱԺԱՆՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԳՈՐԾԱՐԿԵԼ

X հասարակական ցանցը, նախկին Twitter-ը, կը նախատեսէ ներդնել մէկ տարուան համար վճարովի բաժանորդագրութիւն բոլոր նոր օգտատէրերուն համար։
Ի պատասխան իր աղբիւրին վրայ հաստատուած վրայ սփէմի եւ փոթըրի աշխուժութեան աճին, X հարթակը որոշած է ներդնել տարեկան 1 ամ. տոլար բաժանորդագրութիւն նոր օգտատէրերուն համար: Համակարգը արդէն կը փորձուի Ֆիլիփինի եւ Նոր Զելանտայի մէջ։
Այդուամենայնիւ, վճարումը շրջանցելու տարբերակ կայ: Անհրաժեշտ է բաժանորդագրուիլ Փրիմիւմ հաշիւին, որուն գինը ամսական 3,99 ամ. տոլար է: Անոնք, որոնք կը հրաժարին վճարման երկու տեսակներէն, կրնան միայն բովանդակութիւնը կարդալ եւ բաժանորդագրուիլ այլ օգտատէրերու:
X ընկերութեան ներկայացուցիչները կը յայտնեն, որ նման նախաձեռնութեան նպատակն է «զօրացնել հակասփէմի միջոցները եւ նուազեցնել հարթակին վրայ փոթերի աշխուժութիւնը»:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ

ԿՊՉՈՒՆ ՈՍՊՆԵԱԿՆԵՐՈՒ ԱՆԽՆԱՅ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄԸԱՉՔԻ ԲՈՐԲՈՔՈՒՄ ԿՐՆԱՅ ՅԱՌԱՋԱՑՆԵԼ

Doctors.am-ը կը տեղեկացնէ, որ եղջերնաբորբը աչքի եղջրաթաղանթի (նուրբ մաշկի) հիւանդութիւն է, որ կ’ուղեկցի ցաւով եւ երբեմն կը յանգեցնէ կուրութեան: Եղջերնաբորբը կը յառաջանայ, երբ եղջրաթաղանթը կը վարակուի մանրէներով կամ սունկերով:
Ըստ հիւանդութիւններու կառավարման կեդրոնի (CDC), ԱՄՆ-ի մէջ եղջերնաբորբի հիմնական պատճառներէն մէկը շարժական կպչուն ոսպնեակներ կրելն է: Այս հարցով տարեկան 1.000.000 մարդ բժիշկի կը դիմէ:
Շարժական կպչուն ոսպնեակները բաւական տարածուած բժշկական միջոցներ են, որոնք կը փոխարինեն ակնոցները: Միայն ԱՄՆ-ի մէջ կպչուն ոսպնեակներ կը կրէ 38 մլն. մարդ: Սակայն ոսպնեակները անխնայ պահելը կրնայ աչքի բորբոքում յառաջացնել:
Երբ աչքի ցաւ եւ բորբոքում նկատէք, անմիջապէս դիմեցէ՛ք բժիշկին, յատկապէս, եթէ ոսպնեակները ձեր աչքերուն մէջ են:

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԽՆԱՄԵԼ ԿՊՉՈՒՆ ՈՍՊՆԵԱԿՆԵՐԸ

-Ձեռքերը օճառով լուացէ՛ք եւ չորցուցէ՛ք նախքան ոսպնեակին դպչիլը։
-Ոսպնեակները հականեխիչ յատուկ հեղուկով լուացէ՛ք իւրաքանչիւր օգտագործումէ առաջ։
– Հին ու նոր ոսպնեակները միաժամանակ մի՛ օգտագործէք։ Եթէ զոյգ ոսպնեակներէն մէկը կորսնցուցած էք, նոր զոյգ մը գնեցէ՛ք: Իրար մի՛ խառնէք նաեւ ոսպնեակը պահպանող տարբեր տեսակի հեղուկները։
-Երբե՛ք ջուրով կամ թուքով մի՛ խոնաւցնէք ոսպնեակները եւ զանոնք պարզ ջուրի մէջ մի՛ պահէք։
-Ոսպնեակները ջուրէն պահպանեցէ՛ք. հանեցէ՛ք լոգանքէն առաջ։
-Երեք ամիսը անգամ մը նոր զոյգ մը գնեցէ՛ք։
-Այցելեցէ՛ք ձեր ակնաբուժին առնուազն տարին մէկ անգամ, իսկ բարդութիւններու պարագային անյապաղ դիմեցէ՛ք անոր:
-Եթէ ոսպնեակները կրելով ցաւ կամ տեսողութեան անյստակութիւն զգաք, կամ նոյնիսկ ձեր աչքերը կարմրին, հանեցէ՛ք զանոնք եւ անպայման բժիշկին դիմեցէ՛ք։
-Միշտ ձեռքի տակ ակնոց ունեցէ՛ք, որպէսզի ոսպնեակը կամ ձեր աչքը վնասուելու պարագային զանոնք ակնոցով փոխարինէք։
-Կպչուն ոսպնեակները կրելով մի՛ քնանաք, այլ նախքան քնանալը հանեցէ՛ք զանոնք։