Թեհրանի մէջ 23 Հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Անդրկովկասի հարցով Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու երկրորդ հանդիպումը՝ «3+3» ձեւաչափով: Այս մասին, ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով IRNA-ն:
Իրանի լրատուական գործակալութեան տուեալներուն համաձայն, «3+3» ձեւաչափով երկրորդ հանդիպումին մասնակիցները պիտի քննարկեն իրավիճակը Հարաւային Կովկասի եւ տարածաշրջանային գործակցութեան ընդլայնման ջանքերը քաղաքականութեան, տնտեսութեան, անվտանգութեան, տարանցման եւ ելեկտրականութեան ոլորտներուն մէջ:
«Տարածաշրջանի երկիրներու մասնակցութեամբ տարածաշրջանային հարցերու լուծումը առանց արեւմտեան պետութիւններու միջամտութեան կը համարուի այդ խումբի ձեւաւորման գլխաւոր նպատակներէն մէկը», յայտնած է գործակալութիւնը:

Աւելի ուշ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համաձայնած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին առաջարկած «3+3» (Ատրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան, Իրան, Թուրքիա, Ռուսիա) ձեւաչափով հանդիպումը:

«Ժամանակին համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, որ «3+3» ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը տեղի կ’ունենայ Թեհրանի մէջ (Իրան), մենք պատրաստ ենք շարունակելու այդ ձեւաչափով», IRNA-ի փոխանցումով՝ ըսած էր ան: