Շաբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Սուրէնեան» դահլիճէն ներս ընդունեց քաղաքավարական այցելութիւնը Դամասկոսէն ժամանած թրքական հարցերու վերլուծաբան դոկտ․ Սարգիս Պուրունսուզեանի, որ յատուկ կերպով հրաւիրուած է Հալէպի Պետական Համալսարանէն ներս դասախօսելու՝ Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունենալիք Հայկական Մշակութային Շաբթուան առիթով։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան եւ Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան երիտասարդներ։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, ծանօթացում եւ ներկայ իրավիճակին առնչուող զանազան նիւթերու շուրջ կարծիքներու փոխանակում կատարուեցան։

Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով գնահատեց կազմակերպող Միութեան յոյժ կարեւոր նախաձեռնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց դասախօսին։