Հովանաւորութեամբ Հալէպի Համալսարանի «Պաաս» Կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար դոկտ. Իպրահիմ Հատիտի, օրհնութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Հայ Երիտասարդաց Միութեան, գործակցութեամբ Հալէպի Համալսարանի Ուսանողական Ընկերակցութեան, Կիրակի, 22 Հոկտեմբեր 2023-ի միջօրէի ժամը 12:00-ին տեղի ունեցաւ «Հայկական Մշակութային Շաբթուան» ցուցահանդէսի բացումը Հալէպի պետական համալսարանի Ապու Պաքր ալ-Ռազի սրահէն ներս։
Ցուցահանդէսի հրաւիրեալները համալսարանի բժշկական բաժինի հրապարակին մէջ դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին  հնչեցուցած ազգային, հայրենասիրական երգերով։
Բացման արարողութեան ներկայ էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Բերիոյ կաթողիկէ հայոց առաջնորդի ներկայացուցիչ Տէր Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Տատաղլեան, Հալէպի Պետական Համալսարանի նախագահ դոկտ. Մահէր Քարման, «Պաաս» կուսակցութեան համալսարանի բաժինի պետ դոկտ. Իպրահիմ ալ- Հատիտ, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ, համալսարաններու տնօրէններ, թեմի Յարաբերական Մարմնի, Ազգ. Վարչութեան եւ միութիւններու  ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչն ու տարբեր լրատուամիջոցներ։
Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթին առնչուող նիւթեր, հայկական երաժշտական գործիքներ, հայկական ասեղնագործութենէն օրինակներ, համաշխարհային համբաւ վայելող հայ դէմքեր, իսկ սահիկներով  ցուցադրուեցան Հայաստանի ու արտերկրի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայութեան մասին տեղեկութիւններ։
Ցուցահանդէսի բովանդակութեան ծանօթացումէն ետք, «Պաաս» կուսակցութեան պետը խօսք առնելով պարզեց հայութեան կարեւոր ներդրումը Սուրիոյ պատմութեան եւ զարգացման տարբեր փուլերուն, նաեւ տիպար քաղաքացիի իւրայատուկ մօտեցումը երկրին դիմագրաւած այլազան դժուարութիւններուն մէջ։
Ցուցահանդէսէն ետք դոկտ. Սարգիս Պուրունսուզեան ներկայացուց դասախօսութիւն մը «Հայերը Սեւ Ծովի Ափերուն» խորագիրով։
Պուրունսուզեան նախ ներկայացուց Պատմական Հայաստանի մէջ հայերուն ընդհանուր ներկայութիւնը յայտնեց, որ հայերը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գործուն եւ վստահելի տարր էին: Ապա  ներկայացուց Օսմանեան կայսրութեան օրերու վիճակը՝ լուսարձակի տակ առնելով Իսթանպուլի հայերուն մշակութային իւրայատկութիւնը, տնտեսական կարողութիւնները, գիտական յայտնաբերումները, քաղաքական կեանքի մասնակցութիւնը եւ այլն:
Ապա ներկայացուց Համշէնի, Խրիմի եւ Աբխազիոյ հայերու կեանքի տարբեր երեսները:
Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ Երկուշաբթի 23 եւ Երեքշաբթի 24 Հոկտեմբերին, ժամը 11:00-15:30:
Երեքշաբթի, 24 Հոկտեմբերի 2023-ին, Հալէպի Պետական Համալսարանի «Պասէլ» սրահէն ներս տեղի ունեցան «Հայկական Մշակութային Շաբթուան» երրորդ օրուան հետեւեալ յայտագրերը.
Ա- «Արմատներ» խորագիրով թատերական ներկայացում մը։
Բ- Երգահանդէս, մենակատարութեամբ երգիչ Վահէի, նուագակցութեամբ Համազգայինի Էսդրատային նուագախումբին, որուն ընթացքին ներկայացուեցան շարք մը ազգային երգեր ու երաժշտական կտորներ:
Մշակութային շաբաթը առիթ հանդիսացաւ տեղացի հանրութիւնը ծանօթացնելու հայ մշակոյթին:
Մեղրի Մանուկեան