Պաղեստինեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ երէկ՝ 23 Հոկտեմբերին, Իսրայէլ իրարայաջորդ ոճիրներ գործեց Կազզայի մէջ, 17-րդ օրն ըլլալով։
24 ժամուան ընթացքին, Իսրայէլ Կազզայի բոլոր շրջանները հրթիռակոծեց, որուն հետեւանքով նահատակներ եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան։
Պաղեստինեան ազգային դիմադրութիւնը թիրախաւորեց «Մաֆքաաէմ»-ի մօտ իսրայէլցիներու կեդրոնը, ինչպէս նաեւ հրթիռակոծեց Ասքալան շրջանը։
Պաղեստինեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան օդանաւերը հրթիռակոծեցին Պէթ Լահեա, Շէխ Ռատուան, Թուֆֆահ, Ճապալիա եւ Ազպէթ Ապտ Ռապպօ շրջանները։
Աղբիւրները աւելցուցին, որ նախորդ երկու օրերուն Կազզա ժամանած մարդասիրական օգնութիւնները վառելանիւթ չէին ընդգրկեր, հակառակ, որ Կազզայի մէջ վառելանիւթի սաստիկ կարիք կայ։