Աշխարհագրութեան քննութիւն ունիմ։ Արդէն ուշացած եմ։ Հապճեպով կը հագուիմ ու կը սուրամ դպրոց, ճամբան փորձելով մէկ-երկու բառ եւս վերաքաղ ընել։
Յուզուած եմ, վերջին քննութիւնն է ու այլեւս աշխարհագրութեան պահ պիտի չունենամ։
Յաճախ առաջարկած եմ ուսուցչուհիիս, որ ներկայ Հայաստանի ու Արցախի աշխարհագրութիւնը եւս դասաւանդուի մեզի, Պատմական Հայաստանի աշխարհագրութեան կողքին։ Կը մտածեմ. արդեօք մինչեւ իրականացնեն առաջարկս պատմակա՞ն Արցախի աշխարհագրութիւնը պիտի սորվիմ։ Վերջին լուրերը սահմռկեցուցիչ են։ Արցախի հողերը յանձնե՞լ.. Երեւակայութեանս մէջ կը պատկերուին 80-ական թուականները, մեր հերոսները ինչպէ՞ս կռուեցան, արիւն թափեցին, նահատակուեցան այս սրբազան հողերը ազատագրելու համար։ Ռուբէն Հախվերտեանի երգին բառերը կը մտաբերեմ «արիւնով ներկուել են բոլոր դաշտերը: Արիւնով ներկուել են բոլոր լեռները: Այդ արիւնն է ձեր՝ կռուո՛ղ տղաներ, իր կարմիր գոյնով սարերը ներկել»։ Այդքան բարձր գինով ազատագրուած հողերէն այսքան դիւրա՞ւ հրաժարիլ…։
Քաղաքականութեամբ բնաւ չեմ հետաքրքրուիր, չեմ հասկնար անոր խաղերը։ Կը մտածեմ, թէ մենք այսքա՞ն դժբախտ ազգ ենք, բոլո՞րս քաղաքականութենէ հեռու ենք։ Ահաւոր է այս ցաւը, բառերը չեն կրնար զայն նկարագրել։ Չեմ կրնար երեւակայել, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կրնան այսքան անտարբեր ըլլալ։ Միթէ՞ հայու արիւն չկայ իրենց երակներուն մէջ. ո՞ւր մնաց մեր արժանապատուութիւնը, հայրենասիրութիւնը։ Քաղաքական զանազան վերլուծումներ  կը լսեմ, միջազգային կարծիք, մարդկային իրաւունք, արդարութիւն… մեծ-մեծ բառեր կը տողանցեն մտքիս մէջ։
Մտածումներուս թելը կ’անջատուի ու կը վերադառնամ դասիս։ Պէտք է կեդրոնանամ ու գրել սկսիմ։ Հարցարանը կ’առնեմ, հարցումները կը կարդամ ու կրկին կը սուրամ երեւակայութեանս մէջ։ Այս անգամ Կիլիկեան թագաւորութեան սահմաններուն մէջ եմ։ Թուղթին վրայ կ’արձանագրեմ արտաքին եւ  տարանցիկ առեւտուրին յատկանիշները։ Կը հիանամ, թէ որքա՜ն հզօր երկիր ունեցած ենք,  հարուստ տնտեսագիտութեամբ եւ առեւտուրով, երբ հսկայական մաքսային տուրքեր կը գանձէինք ու ժենովացի ու վենետիկցի վաճառականները մեզմէ առանձնաշնորհումներ կը ստանային, որպէսզի Կիլիկիոյ մէջ իջեւաններ ու պահեստներ ունենան։ Իսկ հիմա ո՞ւր են այդ բոլորը, ինչո՞ւ այսքան խեղճացած ենք։ Ինչո՞ւ միայն անցեալի փառքերով պիտի հիանանք ու չունենանք ներկայ մը, որով հպարտ զգանք։ Ինչո՞ւ թափառական ու անապահով կեանք մը պիտի ապրինք։
Ուսուցչուհիիս ձայնը  կը սթափեցնէ զիս։ Արդէն քննութեան աւարտին հասած ենք։
Գոհունակ սրտով կը յանձնեմ քննութեանս էջը։ Ուրախ եմ, որ լաւ պատրաստած ու ներկայացուցած եմ քննութիւնս։ Այո՛, ուրիշ աշխարհագրութեան պահ պիտի չունենամ, սակայն Սեւանայ լիճը, Գեղամայ լեռները, Կիլիկեան Տաւրոսը, բոլորը անխտիր իմ սրտին ու մտքին մէջ են։ Խորապէս կը գիտակցիմ ուսուցչուհիիս խօսքին, երբ կ’ըսէ. «Հարեւանցի մի՛ անցնիք այս տեղեկութիւններուն վրայէն, ապրումով սորվեցէ՛ք զանոնք։ Ասիկա լոկ դաս մը չէ, ասոնք մեր արժէքներն են»։
Ա՜խ, երանի կարենայինք ըսել մեր մնայուն արժէքներն են, ոչ թէ մեր անցեալի փառքերը։
Արդեօ՞ք պիտի գայ օր մը, երբ վերստին պիտի վերականգնենք մեր անցեալի փառքերը, պիտի կրնա՞նք վերադարձնել Արցախը։ Յո՞ւշ թէ երազ պիտի մնան այս բոլորը։ Արդեօ՞ք իմ չհասկցած քաղաքականութեան մէկ խաղը կը վերադարձնէ մեր հողերը, թէ անոնք առյաւէտ կորած են այլեւս։
Անպատասխան հարցումներու շարան մը կը տողանցէ մտքիս մէջ։ Ներկայ իրավիճակը յուսատու չէ, սակայն կեանքին հանդէպ լաւատեսութիւնս եւ դրական մօտեցումս յուսահատութենէ զերծ կը պահեն զիս։ Հակասական զգացումներ կը պատեն հոգիս։ Միթէ այս չէ՞ կեանքը՝ հակասութիւններու խառնուրդ մը…
Երազ ու խոհ, ցաւ ու ժպիտ ու տակաւին շատ բաներ…
Պիտի շարունակենք երազել, խոկալ, ցաւիլ, սակայն կեանքին ժպտիլ։
Թալին Մանուկեան