ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած արաբական երկիրներու մրցաշարքին, Սուրիոյ լողի հաւաքականի մարզիկ Ինանա Սուլէյման 800 եւ 400 մեթր ազատ լողի մրցանակին յաջողեցաւ ձեռք ձգել ախոյեանութիւնը եւ տիրանալ երկու ոսկի մետալի։ Ինանան յաջողեցաւ նաեւ նոյն արդիւնքը արձանագրել 1500 մեթր ազատ լողի մրցումին եւ դարձեալ ախոյեան հանդիսացաւ: Տղոց կազմէն Այման Քլիէն եւ Ուսամա Թարապուլսին գրաւեցին երկրորդ դիրքը:
-Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մըրցումներու շրջածիրին մէջ, Հալէպի Ահլին իր դաշտ հիւրընկալեց Դամասկոսէն ժամանած Ուահտէն։ Խումբերուն հանդիպումը իր աւարտին հասաւ 0 – 0 հաւասարութեամբ: Հոմսի մէջ Քարամէն 2 – 1 արդիւնքով զիջեցաւ Հըթինին. Նոյն արդիւնքով Թշրինը յաղթեց Հուրիէին,  իսկ Ուասպէն 2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ճէյշը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌէԱԼ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵԼ ՏՈՒԱՒ
Սպանիոյ առաջնութեան 11-րդ փուլի մրցումներուն, ախոյեան Պարսելոնան իր դաշտէն ներս  ընդունեց փոխախոյեան Ռէալ Մատրիտը եւ կրեց այս տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը 2 – 1 արդիւնքով: 6-րդ վայրկեանին, հանդիպումի հաշիւը բացուած յայտարարեց քաթալոնէական խումբի  եւ Գերմանիոյ հաւաքականի կիսապաշտպան Իլկայ Կունտողան, որ օգտուելով  Ռէալի  աւստրիացի պաշտպան Տէյվիտ Ալապայի սխալէն, արձանագրեց կազմին առաջին կոլը: Իտալացի Գարլօ Անշելոթիի գլխաւորած խումբը 68-րդ վայրկեանին հաւասարութիւնը նշանակեց շնորհիւ  20-ամեայ անգլիացի կիսապաշտպան Ճուտ Պելինքեմի: նախքան հանդիպումի աւարտը, նոյն խաղացողը կրկնապատկեց արդիւնքը եւ յաղթանակը շնորհեց արքայական ակումբին: Նշենք, որ Ռէալ 28 կէտով գլխաւորեց աղիւսակը, նոյն արդիւնքով Ճէրոնան շարունակեց մրցակցութիւնը, իսկ Պարսելոնան երրորդ դիրքին արժանացաւ՝ 24 կէտով:
ՄՈՏՐԻՉ ԿԱՏԱՐԵՑ ԻՐ 500-ՐԴ ՄՐՑՈՒՄԸ ՌԷԱԼԻՆ ՀԵՏ
38-ամեայ  խրուաթ կիսապաշտպան Լուքա Մոտրիչ 500-րդ հանդիպումը կատարեց Ռէալ Մատրիտի կազմին հետ: Սպանիոյ առաջնութեան 11-րդ փուլի խաղին, արքայական խումբի մարզիկ Քլասիքօ մասնակցեցաւ եւս իր 500-րդ մրցումին, ուր կրցաւ կատարել մէկ կոլային փոխանցում: Մոտրիչ 2012-ին Լոնտոնի Թոթենհամէն   տեղափոխուեցաւ Ռէալ, որուն հետ իր պայմանագրութիւնը կ’աւարտի այս մրցաշրջանի վերջաւորութեան։
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան