ՕԳՏԱԿԱՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ ՏԱՆՏԻԿՆՈՋ

1.- Տապկոցի ձէթին դգալ մը քացախ աւելցնել, որպէսզի ձէթին ներծծումը նուազի։
2.- 2 ա. դգալ շաքար աւելցնել պանիրին մէջ, որպէսզի չմգլոտի։
3.- Բրինձը ձիւնասպիտակ ըլլալու համար քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ աւելցնել անոր մէջ, իսկ լաւ չեփելու պարագային ջուր չաւելցնել, այլ զայն փայլաթիթեղով ծածկել եւ մարմանդ կրակի վրայ եփել։
4.- Հաւը եփելէն մէկ ժամ առաջ քացախի մէջ պահել, որպէսզի դիւրութեամբ եփի։
5.- Սմբուկին վրայ ալիւր ցանել տապկուելէն առաջ, որպէսզի քիչ քանակութեամբ ձէթ ծծէ։
7.- Կարկանդակին մակերեսը այրելու պարագային քերթել զայն, վրան փոշի շաքար ցանել եւ կրկին փուռ վերադարձնել։
8.- Կիտրոնէն առատ հիւթ ստանալու համար զայն տաք ջուրի մէջ պահել, մօտաւորապէս կէս ժամ։

«ZEBRA» ԿԱՐԿԱՆԴԱԿ

Բաղադրութիւն
2 1/2 գաւաթ ալիւր
2 1/2 թ. դգալ B.P.
1/2 թ. դգալ աղ
1/2 գաւաթ կարագ
1 1/2 գաւաթ փոշի շաքար
3 հաւկիթ
1 թ. դգալ վանիլ
1 գաւաթ կաթ
1/4 գաւաթ գագաու (cocoa)
2 ա. դգալ կաթ
Պատրաստութիւն
1.- Փուռը 180 ջերմաստիճան տաքցնել եւ կաղապարը իւղով պատել։
2.- Խորունկ ամանի մը մէջ չոր նիւթերը խառնել (ալիւրը, B.P.-ն ու աղը)։
3.- Ուրիշ ամանի մը մէջ կարագն ու շաքարը հարել, մինչեւ որ քրէմի վերածուին։ Յետոյ մէկիկ-մէկիկ աւելցնել հաւկիթները, ապա՝ վանիլը։
4.- Բոլոր նիւթերը լաւապէս խառնել իրարու։
5.- Խառնուրդը երկու հաւասար մասերու բաժնել։
6.- Առաջին կէսը սպիտակ պահել, երկրորդ կէսին աւելցնել կաթն ու գագաուն եւ լաւապէս խառնել։
7.- Կաղապարին կեդրոնէն փոխնի փոխ սկսիլ լեցնել իւրաքանչիւր խառնուրդէն դգալ մը, մինչեւ որ ամբողջութեամբ սպառի։
8.- Նախապէս տաքցած փուռին մէջ եփել զայն 30-35 վայրկեան։
9.- Հալած տուրմով զարդարելէ ետք սպասարկել։
Բարի ախորժակ