Մարալ՝ եապանճօ հարս էր: Նախապէս մանրամասնութեամբ գրած եմ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «եապանճօ» հարս արտայայտութիւնը: Միայն յիշեցումի կարգով ըսեմ թէ եապանճօ հարս կը նշանակէ, այլ բնակավայրերէ Քեսապ հարս եկած, ոչ քեսապցի հարս:
Մարալ քանի-քանի անգամներ տան մէջ այս յուշը պատմած է իր ընտանիքին: Քեսապի դպրոցի հանրակառքին նիւթը, որովհետեւ այդ նիւթը խոր ու անջնջելի հետք թողած էր անոր սրտին ու մտքին մէջ: Ինք գիտէր որ դպրոցական հանրակառքը, աշակերտները իրենց տուներուն առջեւէն կը վերցնէր, սակայն Քեսապի մէջ այդ մէկը բոլորովին տարբեր էր:
Մարալին անդրանիկ զաւակը գարնան 15 օրուան համար, որպէս այցելու աշակերտ, յաճախեց դպրոց, որպէսզի յաջորդ աշնան երեք տարի բոլորած, օրինաւոր դպրոցական աշակերտ դառնայ:
Գարնան տաքուկ օր մը Մարալը, ուրիշ օր մը Անիին հայրը, անոր փոքրիկ-կակուղ թաթիկէն բռնած կը հասցնէին հանրակառքի կանգառը, որ իրենց տունէն մօտաւորապէս երկու թաղ հեռաւորութեան վրայ էր: Թաղի բոլոր երեխաները հոն կը հաւաքուէին:
Առաջին զաւկին դպրոց յաճախելը ու անոր դպրոցի հանդէպ ցուցաբերած սէրն ու առանց լալու հանրակառք բարձրանալը մեծ ուրախութիւն էր ծնողներուն, որոնք հետաքրքրութեամբ եւ ուրախութեամբ եւ ակնթարթի արագութեամբ աւարտեցին այդ 15 օրերը, բայց ինչ հոգ… շուտով պիտի անցնէր ամառը ու նոր դպրոցական տարեշրջանին ան օրինաւոր աշակերտ պիտի դառնար:
Քեսապի սիրուն ու բարիքներով հարուստ աշունը շուտով ժամանեց: Անին դպրոցական վերամուտէն շաբաթներ առաջ իր դպրոցական համազգեստն ու պայուսակը պատրաստած էր: Իսկ հոգեպէս ուրախ ու խանդավառ տրամադրութեամբ կը սպասէր դպրոցի վերամուտին:
Աշնան տաքուկ օրերուն յաջորդեցին ցուրտն ու անձրեւոտ օրեր: Անին այդ փոքր տարիքին, տունէն մինչեւ հանրակառքի կանգառը հասնելու համար, հովանոցով այդ երկար զարիվարն ու զարիվեր ճամբայով անցնելով, երբեմն քիչ մը կը թրջուէր, երբեմն անհնար կ’ըլլար ճիշդ ժամանակին կանգառին հասնիլը:
Մարալ ի զուր փորձեց հեռաձայնով կապ պահել տնօրէնութեան հետ՝ այդ հարցը բացատրելու համար, իրենց կրած դժուարութիւնն ու փոքրիկին ցաւը տեղ հասցնելու, բացատրելով, թէ ինչպէ՛ս փոքրիկը առաւօտեան ցուրտին մինչեւ կանգառ հասնելու համար յաճախ կը հիւանդանար, բայց… ապարդիւն: Ինք խօսեցաւ-ինք լսեց: Տնօրէնութիւնը անդրդուելի մնաց: Անոր հանրակառքը, ըստ կարելիութեան, քիչ մը աւելի իրենց բնակարանին մօտ կանգնել տալու առաջարկը ապարդիւն մնաց:
Քանի մը շաբաթ ետք, Մարալ ծնողական ժողովի հրաւէր ստացաւ դպրոցի տնօրէնութեան կողմէ: Ինչ լաւ առիթ էր իր հարցը հոն ներկայացնելու: Ան ուրիշ տրտունջ կամ դժգոհութիւն չունէր:
Ծնողական ժողովին օրը՝ ուսուցչական կազմը, տնօրէնը, հոգաբարձութիւնն ու ծնողները հաւաքուած էին: Տնօրէնը բարի գալուստի խօսք արտասանելէ ետք, ներկայացուց դպրոցի կողմէ պէտք եղած թելադրութիւնները, ապա առիթ տուաւ ծնողներուն, որ ներկայացնեն իրենց հարցերը: Քանի մը մայրեր իրենց մտահոգութիւնները ներկայացնելէ ետք, Մարալ իր քաջութիւնը հաւաքեց ու ներկայացուց իր հարցը: Տնօրէնը եւ հոգաբարձութեան քանի մը անդամներ փորձեցին հարցը իր հեթեթութեամբ դիտել ու մեղմացնել, սակայն երբ Մարալ փորձեց իր զաւկին առողջութեան մասին խօսիլ.
– Ճանը՛մ, հիմա պզտիկդ այդ քանի մը քայլը չի՞ կրնար քալել,- վրդոված պատասխան տուաւ ուսուցչուհիներէն մէկը,- մենք ժամանակին ինչպէ՞ս առանց օթոքարի կու գայինք դպրոց, ոչ թէ Քեսապէն, այլ Քեսապի գիւղերէն (շրջաններէն):
Ուսուցչուհին այս խօսքը հազիւ արտասանած խանդավառութիւն մը ստեղծուեցաւ ներկաներուն մօտ: Ամէն մէկը յուշ մը մտաբերելով պատմեց այդ հաճելի օրերուն մասին, երբեմն բարձր ձայնով, երբեմն կողմնակի խօսակցութիւններով.
-Ա՜յ, պայծառ օրերուն երբ գիւղերէն քալելով կու գային՝ յատկապէս Գարատուրանի ծովու թաղէն, աւելի կանուխ ճամբայ ելած կ’ըլլային, հետզհետէ անոնց կը միանային, ճամբու վրայ դպրոց յաճախող երեխաները: Տարիքով մեծ աշակերտները հոգատարութեամբ անոնց մատղաշ ձեռքերէն բռնած առաջ կը քալեցնէին: Տարիքով մեծ տղաքը, ճամբու վրայ պտուղներով հարուստ աշնան ծառերու պտուղները առանձին չէին ուտեր, անոնք իրենց ընկերակցողներուն ալ բաժին կը հանէին: Խընդալով-խօսելով, զարիվարին վազելով, իսկ զարիվերին տքալով ու հեւալով, ուրախ դպրոց կը հասնէին:
-Իսկ ձմրան անձրեւոտ օրերուն (խըմ-խըրըշ) թափ-թաց դպրոց կը հասնէինք, մեր հագուստներէն ջուր կը հոսէր, բայց երբ դպրոց հասնէինք, դպրոցի փայտէ վառարանը շուտով կը չորցնէր մեր թրջուած հագուստները՝ ի հաշիւ առաջին երկու դասապահերէն մեր բացակայութեան:
– Բայց իմ հայրն ու մեծ հայրը երբ հորիզոնին կը նայէին, այս օրերու օդերեւոյթներէն աւելի լաւ կը հասկնային եւ գիտէին թէ անձրեւ պիտի տեղայ, եւ այդ օր քիչ մը աւելի կանուխ տունէն դուրս կու գայինք, որպէսզի անձրեւի չբռնուէինք:
-Երբեմն հեռու գիւղերէն՝ Տիւզաղաճէն կամ Գարատուրանէն ընտանիքներ, ձմեռը տուն կը վարձէին Քեսապի մէջ ու Քեսապ կը «կոչէին» (փոխադրուէին), իսկ ամառը իրենց տուները կը վերադառնային:
-Իսկ շատեր դպրոցէն մինչեւ տուն վերադառնային «դէդրօծ» (յոգնած), յաջորդ օրուան դասերն ալ սորվելու ի վիճակի չէին ըլլար:
-Անշուշտ այդ օրերուն Քեսապի ճամբաները այդքան ալ լաւ չէին, այս օրերուն նման: Շատ անգամներ կտրուկ ու կարճ
ճամբաներէ դպրոց կը հասնէինք: Արահետներէ, որոնք միայն քեսապցին գիտէր: Անշուշտ քալելու վարժ էր մեր սերունդը:
-Դեռ մեր թաղի տղաքը առաւօտեան երբ դպրոց կ’երթային, ճամբու վրայ, թռչուն որսալու համար «տըպըխ» (թռչուն որսալու համար կպչուն յատուկ նիւթ) կը տեղաւորէին դափնիի եւ բեւեկի ծառերու ճիւղերուն վրայ: Իսկ դպրոցէն վերադարձին, անոնց շալկած գիրքերուն ու տետրակներուն կը միանար իրենց որսացած թռչուններուն խուրձը:
Տնօրէնը դժուարութեամբ ծնողական ժողովը կրկին իր հունին բերաւ, ներկաները դեռ ըսելիք եւ պատմելիք ինչե՜ր-ինչե՜ր ունէին, բայց դպրոցական առօրեայ հարցերու մասին ալ պէտք էր արտայայտուիլ:
Ծնողական ժողովը հասած էր իր աւարտին: Ներկաները մինչեւ դպրոցի շրջափակէն դուրս ելլելնին դեռ կարօտով եւ ուրախութեամբ կը պատմէին ու կը խօսէին իրենց քաղցր անցեալի դպրոցական յուշերուն մասին:
Իսկ Մարալ բոլորին պատմածները ուշի-ուշով կը լսէր: Անոր միտքն ու հոգին կ’ալեկոծէին: Ինչպէ՞ս կրնար իմանալ թէ անցեալին որքան դժուար էր դպրոց յաճախելը: Ան սկսաւ Յ. Թումանեանի ոտանաւորին տողերը կրկնել. «Ձմեռուայ բուքին սառնամանիքին, դպրոցի ճամբան դժուար է, երկար…» իրեն համար, իսկ իր չորս կողմի խօսողներուն համար, որոնք սէր ունէին ուսումի, դպրոցի ճամբան միշտ կարճ էր ու հաճելի:
Այս երկու գաղափարները, սակայն, ինչպէ՞ս կարելի էր ի մի բերել, «եապանճօ» հարսը ինք ալ չէր գիտեր…
Սեւան Ա. Մանճիկեան