Աշխարհի ներկայ բազմաբեւեռ համակարգը միջին ուժերուն կարելիութիւն կու տայ գործուն դերակատարութիւն ունենալու համաշխարհային դիւանագիտութեան մէջ:
Անլոյծ մնացած հակամարտութիւններ, այնպէս ինչպէս՝ Իսրայէլ-Պաղեստինեան հակամարտութիւնը, տասնամեակներ շարունակ Միջին Արեւելքը վերածեցին մշտական լարուածութեան, բախումներու եւ գերտէրութիւններու ուղղակի կամ անուղղակի միջամտութեան դաշտի:
Այս երեւոյթը տուեալ հակամարտութիւնը, այս պարագային՝ պաղեստինեանը, հեռու պահեց յաճախ խաղաղ կարգաւորման հասնելու գործընթացէն եւ աւելի  բարդացուց  Միջին Արեւելքի կայունութեան հեռանկարը:
Գերպետութիւններու կատաղի մրցակցութիւնը առաւելաբար երեւելի դարձաւ պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանին: Իսկ երբ պաղ պատերազմը աւարտին կը հասնէր, մրցակցութիւնը թեւակոխեց մէկայլ փուլ, այս անգամ Միացեալ Նահանգներուն,- որպէս յաղթող կողմի- եւ ԱՄՆ-ի կողմէ պարտադրուող այսպէս կոչուած՝ ազատականութիւնը մերժող հակառակորդ կողմին միջեւ:
Համաշխարհային նման լարուածութեան պայմաններուն մէջ ակնյայտ էր, որ պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան արդարացի լուծման հասնիլը անկարելի դարձած էր գերտէրութիւններու մնայուն մրցակցութեան հետեւանքով։
Անկախ այս իրողութենէն, իրավիճակը կը վատթարանար Միացեալ Նահանգներու կողմէ կազմակերպուած միջնորդութիւններու շարունակական ձախողութեան հետեւանքով, ուր առաջնահերթութիւնը կը տրուէր Իսրայէլի պահանջներուն եւ կ’անտեսուէր Պաղեստինի ճանաչումը որպէս պետութիւն:
Բազմաբեւեռ աշխարհի գոյաւորումը յոյս կը ներշնչէ
Հետաքրքրականը այն է, որ ներկայիս համաշխարհային բազմաբեւեռ համակարգը կարելիութիւն կու տայ միջին ուժերուն գործուն դերակատարութիւն ունենալու համաշխարհային դիւանագիտութեան խաղաղութեան գործընթացին մէջ:
Զարմանալիօրէն, միջին տէրութիւններու դերը սահմանափակուած է կա՛մ այն ազգերով, որոնք կը պահանջեն արտաքին անկախ քաղաքականութիւն՝ երեւոյթ մը, որ հաշտ աչքով չի դիտուիր համաշխարհային կեդրոնացուած դիւանագիտութեան մէջ, կա՛մ կը սահմանափակուի այնպիսի դերակատարներով, որոնք կը ջանան իրականացնել գերտէրութիւններու մեծ-նախագիծերը՝ օգտուելով, «տնտեսական զարգացման» պիտակին տակ, գերտէրութիւններու հետ գործակցութեան կարելիութիւններէն:
ՀԱՄԱՍ-ի վերջին յարձակումը հնարաւորութիւն կը համարուի ոչ միայն գերտէրութիւններու համար՝ որպէս միջնորդ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններու կազմակերպման, այլեւ միջին ուժերու համար, ինչպիսիք են՝ Ինտոնեզիան, Սէուտական Արաբիան, Հնդկաստանը եւ Իրանը, կարեւոր դեր խաղալու Պաղեստինի պետութեան ճանաչման գործընթացին մէջ՝ իրենց դիրքորոշումները պաշտօնապէս յայտարարելէ աւելի կառուցողական միջոցներով:
Աւելին. վերոնշեալ միջին ուժերը կարելիութիւն ունին ստեղծելու համախոհութիւն մը, որ կը հրաւիրէ բոլոր կողմերը մասնակցելու այս երկարատեւ հակամարտութեան հանգուցալուծման, որպէսզի հասնին արդար արդիւնքի, ուր հակամարտութեան բոլոր կողմերու իրաւունքները հաւասարապէս ընդունելի կը դառնան:
Նկատի առնելով, որ վերոյիշեալ բոլոր երկիրները պաշտօնապէս յայտարարած են, թէ Պաղեստինը կը ճանչնան որպէս հակամարտութեան կարգաւորման կարեւոր բանալիներէն մին, հեճաւորման ազդեցիկ ռազմավարութիւնը, (hedging strategy) զոր կը վարէր միջին տէրութիւններու մեծամասնութիւնը՝ երկու մրցակից բեւեռներու միջեւ (արեւմտեան եւ հակաարեւմտեան) հաւասարակշռութիւն պահելու, պէտք է համարել արդար լուծումներու հասնելու մարտավարական հիմնական միջոց։
Աւելին. միջին ուժերու կողմէ կազմակերպուած համախոհութիւնը կրնայ վերածուիլ նաեւ աւելի լայն շարժումի՝ հասնելու պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան արդար լուծման։
Տակաւին միջին ուժերու կողմէ ի մի բերուած նման ներառական միջազգային դիւանագիտութիւն կրնայ մրցակից  գերտէրութիւններու միջեւ հեռաւորութիւնը մեծցնել, վերակազմաւորելով ոչ-դաշնակցային բեւեռը՝ աւելի լայն իմաստով:
Այլ խօսքով՝ միջին ուժերու հեճաւորման ռազմավարութեամբ  յառաջ  մղուող բոլոր կողմերու արդիւնաւէտ դիւանագիտութեան արդիւնաւէտութիւնը կը բարձրացնէ այդ ռազմավարութեան կարեւորութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, որպէսզի գերտէրութիւնները պահպանեն սթաթուս քուօ-ն եւ իրենց առճակատումները չվերածեն լայնամասշտապ կամ զիրար ոչնչացնող ներառական-հիպրիտային պատերազմի:
Ուքրանական պատերազմը ցոյց տուաւ, որ մրցակից գերտէրութիւնները չեն վարանիր բանալու նոր ճակատներ, որոնք կրնան տարածաշրջանային պատերազմները համաշխարհայինի վերածել:
Այլ խօսքով՝ համաշխարհային ներկայ իրավիճակը ցոյց կու տայ, որ միջին ուժերը կ’օգտուին գերտէրութիւններու կողմէ առաջարկուող մեծ-նախագիծերէն, իսկ գերտէրութիւնները արդար լուծման հասնելու համար կարիք ունին միջին ուժերու յառաջադէմ դերակատարութեան, որ պիտի ընդլայնէ մրցակից երկբեւեռ գերտէրութիւններու միջեւ եղած յարաբերական կայունութեան տարածութիւնը:
Աւելին. միջին ուժերու համախոհութեան կողմէ իրականացուող համաշխարհային ներառական դիւանագիտութիւնը պիտի ստիպէ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը՝ փոխել իրենց անզիջում դիրքորոշումը Պաղեստինը ճանչնալու գծով՝ ընդունելով, որ պաղեստինցիներուն իրաւունքները նոյնպէս պէտք է ճանչցուին՝ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար:
Ամերիկեան նման արտաքին քաղաքականութիւն կրնայ բարձրացնել պաղեստինցիներուն արդար լուծման հասնելու կարելիութիւնը, դադարեցնելով տարածաշրջանային հիպրիտային պատերազմի հաւանականութիւնը մէկ կողմէ Միացեալ Նահանգներուն եւ անոր տարածաշրջանային ու համաշխարհային դաշնակիցներուն, միւս կողմէ՝ հակաարեւմտեան պլոքին միջեւ։
Աղբիւր՝
Asia Times
https://asiatimes.com/2023/10/how-middle-powers-can-impact-the-israel-palestine-conflict/
*Արարատ Կոստանեան Ինտոնեզիոյ Միջազգային Իսլամական Համալսարանի դոկտորական թեկնածու է եւ «Յանուն Արդար Աշխարհի Միջազգային Շարժում»-ի անդամ: Ան նաեւ նախկին գիտաշխատող է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան համալսարանին մէջ։
Արարատ Կոստանեան*
Անգլերէնէ թարգմանեց
Զարմիկ Պօղիկեան