ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՐՄԻՐ ՏՈՒՖԸ

Հայ ժողովուրդի բանահիւսութիւնն ու պատմութիւնը կը վկայեն, որ հայերը արարող եւ ստեղծագործող ժողովուրդ են: Հայերուն համար կ’ըսեն՝ «Քարէն հաց հանող» ժողովուրդ: Հինէն ի վեր հայեր ուր որ ոտք դրած են, այնտեղ պատ շարած եւ տուն կառուցած են: Նոյնիսկ բարձր լեռներն ու ժայռերը չեն խանգարած հայերը, որ ամուր բերդեր եւ ամրոցներ կառուցեն:
Ու թէեւ քարը ազգային արժէք չի համարուիր, սակայն գոյութիւն ունին որոշ քարատեսակներ, որոնք կը համարուին ազգային՝ շնորհիւ իրենց ծագումին եւ հայկական լեռնաշխարհին մէջ գոյութեան:
Հայկական տուֆ քարատեսակով, զորօրինակ, կը կառուցուէր բացառապէս ամէն բան՝ գիւղատնտեսական շինութիւններէն մինչեւ եկեղեցական կառոյցներն ու ամրոցները:
Գիտէ՞ք թէ ինչպիսի՛ յատկութիւններ ունի հայկական տուֆը:
Դարեր առաջ արդէն հայերը համոզուած էին, որ տուֆ քարը աւելի ամուր եւ զօրաւոր քարատեսակ մըն է: Աւելի ուշ նկատուեցաւ, որ այդ քարատեսակը միատառ է. եւ անիկա կարելի է հարթել ու հաւասար ուղղանկիւն կտորներու վերածել:
Տուֆ քարը կը յառաջանայ հրաբխային ժայթքումէն գոյացած մոխիրի ու այլ նիւթերու թրծումէն՝ բարձր տաքութեան հետեւանքով:
Տուֆ քարը թեթեւ, փխրուն է, ունի բազմաթիւ գունային երանգներ: Իր գոյներուն շնորհիւ, տուֆ քարով կառուցուած շէնքերը արտաքին գեղեցիկ տեսք կ’ունենան:
Տուֆը կտրելու համար անհրաժեշտ չեն մեքենաներ, միայն կացինը եւ սղոցը բաւարար են, որպէսզի հաւասար քարի կտորներ յառաջանան:
Տուֆ քարը ունի նաեւ շնչելու յատկութիւն: Քարին ծակտիկները կարելիութիւն կու տան ձմրան շէնքին ներքին տաքութիւնը պահպանելու, իսկ ամրան՝ դուրսի տաքէն պաշտպանուելու: Հետեւաբար Հայաստանի տուֆ քարերով պատուած շէնքերը օժտուած են բնական օդափոխութեամբ:
Ժամանակին մարդիկ կը կարծէին, որ տուֆը այդքան ամուր քարատեսակ մը չէ, հետեւաբար ալ զայն աւելի զօրացնելու համար կ’օծէին իւղով, ապա կը ներկէին որդան կարմիրով: Այս բոլորին շնորհիւ է որ շարք մը շինութիւններ մինչեւ օրս կանգուն մնացած են:
Տուֆին տեսակները
Հայկական լեռնաշխարհը տուֆի հանքավայր է, մանաւանդ գունաւոր տուֆի՝ վարդագոյնէն մինչեւ մութ հրաբխային գոյնի երանգներ:
Տուֆի 28 երանգներէն Հայաստանի մէջ տարածուած են՝ մանիշակագոյնը, կարմիրը, նարնջագոյնը, սրճագոյնը, վարդագոյնն ու սեւը:
Հայկական տուֆը բաժնուած է հինգ հիմնական տեսակներու՝
-Անիի՝ դեղին եւ նարնջագոյն,
-Արթիկի՝ վարդագոյն եւ մանիշակագոյն,
-Երեւանի՝ սեւ եւ կարմիր,
-Բիւրականի՝ վարդագոյն եւ մութ մոխրագոյն՝ սեւ բիծերով:
-Նախշերով տուֆ:
Ըստ գիտնականներու տուֆ քարի գոյներու տարբերութիւնները առնչութիւն ունին լաւայի հոսանքի արագութեան հետ:
Հայաստանի մէջ տուֆի ամենամեծ հանքավայրերէն մէկը կը գտնուի Արթիկի մէջ:
Այստեղ է որ կը մշակուի հանրածանօթ վարդագոյն տուֆը:
Վարդագոյն տուֆի քաղաքը
Երեւանի ճարտապետութեան գլխաւոր առանձնայատկութիւնը տուֆն է:Երեւան կոչուած է վարդագոյն քաղաք, տուֆ քարի վարդագոյն պատկերին համար:
Սեւ տուֆի քաղաքը
Ինչպէս Երեւանը կոչուած է վարդագոյն քաղաք, վարդագոյն տուֆէ կառուցուած ըլլալուն պատճառաւ, այնպէս ալ Կիւմրին կոչուած է «սեւ տուֆի քաղաք»: Կիւմրիի կառուցման մէջ մեծապէս օգտագործուած է սեւ տուֆը:
Տուֆով պատրաստուած զարդեր
Վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ սկսած են պատրաստել քարերու համադրութեամբ ոսկեայ եւ արծաթեայ  զարդեր: Այս մէկը զարդեղէնին արժէքը չի պակսեցներ երբեք, որովհետեւ տուֆ քարով զարդեր պատրաստելը բաւական բարդ գործ է եւ մեծ աշխատանք կը պահանջէ:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան