ՀՀ Ազգային Ժողովի «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեան իր դիմատետրի էջին վրայ գրած է.

«Լաւ ու հպարտ ժամանակներ էր, կ’երթային Արցախ, մեր ընկերներուն կը հանդիպէինք, տարբեր հարցեր կը քննարկէինք, միատեղ նախաձեռնութիւններ կը ծրագրէինք:

Հիմա ո´չ Արցախ երթալու ճանապարհ կայ, ո´չ ալ մեր որոշ ընկերներուն հանդիպելու կարելիութիւն կայ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանը 6-7 տարի է կը ճանչնամ: Արցախի ու, առհասարակական, հայկական իրականութեան ամենապարկեշտ ու ազնիւ գործիչներէն է, որ անսահման կը սիրէ Արցախը:

Իշխանեանի հետ շատ կապ կը հաստատէինք ե´ւ Արցախի մէջ աշխատածս տարիներուն, ե´ւ անկէ վերջ:

Անոր հետ երկար կարելի էր զրուցել բոլոր նիւթերով` մարդկային յարաբերութիւններէն մինչեւ քաղաքական ամենասուր իրավիճակներ` միշտ հաւասարակշռուած էր, առարկայական եւ իրադրութիւնը միշտ բազմաթիւ դիտանկիւններէն կը վերլուծէր։

Առհասարակ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ չեմ հանդիպած մարդու, որ անկախ քաղաքական կողմնորոշումներէն կամ դիրքորոշումներէն դրական չէր արտայայտուէր Դաւիթ Իշխանեանի մասին:

Իշխանեանի հետ բազմաթիւ կիսատ զրոյցներ ու ընելիքներ ունինք եւ իր վերադարձէն վերջ անշուշտ անոնց մասին խօսելու ու ծրագրելու ժամանակ կը գտնենք:

Ազատութի՛ւն Դաւիթ Իշխանեանին եւ Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող մեր բոլոր հայրենակիցներուն` անկախ անկէ, թէ ով եւ ինչ հանգամանքներով յայտնուած է բանտին մէջ»: