ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կը գուժէ ազատամարտիկ, ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբան, գաղափարի ընկեր Մկրտիչ Մկրտչեանի (Մակիչի) անժամանակ մահը եւ կը ցաւակցի անոր ընտանիքին, հարազատներուն ու մտերիմներուն:

Մկրտիչ Մկրտչեան ծնած է 24 Ապրիլ 1962_ին Թալինի շրջանի Ներքին Սասնաշէն գիւղը:

1988_ին ընդունուած է Երեւանի պետական երաժշտանոց:
1990_ին Մկրտիչ Մկրտչեան կը միանայ Թաթուլ Կրպէեանի գլխաւորած Գետաշէնի կ՚ընդգրկուի ինքնապաշտպանական ջոկատին մէջ, Գետաշէնի անկումէն վերջ կը տեղափոխուի Շահումեանի շրջան եւ Վերիշէնի ջոկատ, իսկ Շահումեանի անկումէն վերջ կը տեղափոխուի Մարտակերտ:
Հետագային Մկրտիչ Մկրտչեան կ’ընդգրուի Շուշիի առանձին գումարտակի կազմին մէջ՝ մարտական գործողութիւններուն մասնակցելով Մարտակերտի, Կովսականի (Զանգելան), Ֆիզուլիի, Քարվաճառի շրջաններուն մէջ: 7 Մարտ 1993-ին Մանիքլու գիւղի մատոյցներուն կը վիրաւորուի:
Մկրտիչ Մկրտչեան մասնակցած է նաեւ 2016-ի քառօրեայ եւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմներուն: 2 Հոկտեմբեր 2020-ին Մատաղիսի մէջ ծանրօրէն կը վիրաւորուի:
Մկրտիչ Մկրտչեան ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ էր, պարգեւատրուած է ԼՂՀ «Արիութիւն» եւ ՀՀ «Մարտական Ծառայութեան Համար» մետալներով: Անոր կատարումները մարտակոչ հանդիսացած են Արցախեան գոյապայքարի ողջ ընթացքին:
Կը տեղեկացնենք, որ Մկրտիչ Մկրտչեանի հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ 5 Նոյեմբերին, ժամը 18:00-էն Քոնթի Սբ. Յովհաննէս եկեղեցիին մէջ, յուղարկաւորութիւնը՝ 6 Նոյեմբերին, ժամը 14։00-ին «Եռաբլուր» պանթէոնին մէջ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին

04.11.2023 թ.