ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի Յովհաննէս Հինդլեան երէց-պարման միաւորը Շաբաթ 4 Նոյեմբեր 2023-ին կատարեց «Յաւերժ Փառք Մեր Նահատակներուն» խորագիրով գիշերային գործունէութիւն, նուիրուած ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 105-ամեակին եւ ի յիշատակ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի նահատակներուն, «Տիգրանեան» պարտէզէն ներս, ներկայութեամբ 58 քոյր-եղբայրներու։
Գործունէութեան բացումը կատարուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով, ապա կազմուեցաւ 5 տասնեակ, իւրաքանչիւր տասնեակ կրեց եղբ. Յարութ Բանոյեան, եղբ Յակոբ Ասթարճեան, եղբ. Մոսիկ Սեքլէմեան, Արտակ Իշխանեան եւ Կիմ Խաչատրեան նահատակներուն անունները։ Միաւորի Պատասխանատու փոխխմբապետ Սարգիս Չալօղլեան անդրադարձ մը կատարեց նահատակներուն հայրենիքին ու հայ ազգին նուիրուած կեանքին։
Սուրիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբի ատենապետ Ծերուն Գահուէճեան դասախօսութիւն մը ներկայացուց Արցախի, անոր պատմութեան, քաղաքական կեանքին եւ Հայ Դատի գրասենեակներու աշխատանքին շուրջ։
Ապա յաջորդաբար տեղի ունեցան լաւագոյն խոհարարի, ընթրիքի, զրոյցի, մարզանքի եւ նախաճաշի ընտրութիւնները։
Առաւօտեան մասնակիցները քայլարշաւ մը կատարեցին դէպի Ազգ. Գերեզմանատուն, այցելեցին ՀՄԸՄ-ի դամբարանը, ուր մասնաճիւղի Խմբապետ Յովիկ Հապէշեան խօսք առնելով անդրադարձ կատարեց ՀՄԸՄ-ի պանծալի անցեալին եւ հիմնադիր փաղանգի հրաշագործ առաքելութեան, ապա ներկաները խունկ եւ մոմ վարեցին, աղօթք բարձրացնելով Աստուծոյ, որ խաղաղութեամբ ննջեցնէ ՀՄԸՄ-ականերու հոգիները, ապա ուղղուեցան դէպի Արցախի նահատակ եղբայրներուն դամբարանը՝յարգանքի տուրք մատուցելու եւ անմահացնելու անոնց յիշատակը։ Ներկայ էին նաեւ մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդի անդամներ։
Արարողութեան աւարտին անոնք վերադարձան «Տիգրանեան» կեդրոն, ուր գործունէութիւնը փակուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ, «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով։